Երեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2011 - Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի անուան եկեղեցւոյ Օծում եւ Ծայրագոյն Վարդապետի Աստիճանի տուչութիւն


Սէն Շամոն, Ֆրանսա

Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհիապատիւ տէր Գրիգոր եպս. Ղապրոյեան, շաբաթ 3 դեկտեմբերին պիտի օրհնէ, Սէն Շամոնի Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի անուան եկեղեցին: Սոյն եկեղեցւոյ պաշտօնական օծումը պիտի կատարէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը յառաջիկայ 3 մարտ 2012-ին։

Կիրակի 4 Դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին՝ հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերապատիւ հայր Անդրանիկ վրդ. Ադամեան։ Նաեւ այս առթիւ արհիապատիւ տէր Գրիգոր եպս. Ղապրոյեան ծայրագոյն աստիճանի կարգը պիտի շնորհէ հայր Անդրանիկ վրդ. Ադամեանին, տալով անոր լանջախաչն ու գերյարգելիի մատանին, առ ի գնահատանք հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, անոր 38 տարիներու ծառայութեան Միջին Արեւելքի, Ամերիկայի եւ այժմ ֆրանսայի մէջ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ