Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2006 - Ծննդեան Հայրապետական Պատգամ


«Փա՜ռք Աստուծոյ երկնքի բարձրունքներուն մէջ,
                եւ երկրի վրայ խաղաղութիւն մարդոց իր սիրելիներուն»
                                      (Ղուկաս 2,14)


Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,


«Մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ» (Ես. 9,6): Եսայի մարգարէին այս խօսքը կը պարունակէ Ծննդեան տօնին խորհուրդը: Մանուկ մը որ կը ծնի, երեւութապէս հազարաւոր ծնած մանուկներէն մէկն է: Այս մանուկը կը ծնի մսուրի մը մէջ՝ Բեթղեհէմ, աղքատ վիճակին մէջ կը ծնի: Այս մանուկը սակայն Աստուծոյ Որդին է: Առանձնաշնորհեալ հովիւներուն նման, մենք ալ փութանք զինք դիմաւորելու եւ մեր սիրտին մէջ իրեն տեղ տալու, որովհետեւ Ան փոխեց մարդկային պատմութիւնը, Ան փոխեց նաեւ Հայ Ազգին պատմութիւնը 1705 տարի առաջ, առաքելով հայ ժողովուրդին լուսաւորիչ մը քարոզելու համար Աւետարանի լուսաւոր պատգամը, եւ Ան կարող է բարւոքել մեր այսօրուան կեանքը:

Ան որ իբր օրօրոց ընտրեց անասուններու կերակուրի ամանը՝ մսուրը,

Ան որ ինքզինք մերկացուց աստուածային փառքէն, որ իրեն կը վայելէր յատուկէն,

Ան որ իր կեանքը զոհեց աշխարհի բոլոր մարդոց փրկութեան համար,

Թո՛ղ անոր ծննդեան պայծառութիւնը լուսաւորէ մթքնած աշխարհը եւ մեր սիրտերը:

Թո՛ղ անոր սիրոյ պատգամին ոյժը խորտակէ չարին հպարտ եւ յաւակնոտ յարձակումները:

Թո՛ղ անոր կեանքին զոհաբերումը մեզի հասկցնէ մարդու կեանքին արժէքը, մանաւանդ երբ ամէն օր արիւն կը հոսի եւ կեանքներ կը խլուին: Որք՜ան բռնութիւն, կռիւ ու պայքար նոյն երկրի զաւակներուն միջեւ: Ալ մարդիկը լիք են նման յոռի լուրերով եւ տխուր տեսարաններով: Ելք եւ լուծում կը փնտռեն:

Յիսուս եկաւ աշխարհ ճիշդ ասոր համար, մարդիկ քով քովի բերելու համար սիրով եւ համերաշխութամբ: Հրեշտակները գոչեցին «երկրի վրայ խաղաղութ՜իւն մարդոց», այսինքն խաղաղութիւն բարի կամք ունեցող մարդոց միջեւ: Յիսուսին անունը մեր ժամերգութեան մէջ դարձաւ «Թագաւոր Խաղաղութեան» : Այ՛ո, Յիսուս մեր միակ խաղաղութեան լաստն է: Ան միայն կրնայ մեզմէ կազմել մէկ ու միացած ժողովուրդ մը:

Յիսուս վերացական բան մը չէ, այլ շօշափելի անձ մըն է, մեզի մօտ է: Անունը Էմմանուէլ է, այսինքն՝ Աստուած մեզի հետ, ամէնուս հետ է: Եկաւ հիմնելու Եկեղեցին՝ անոր մէջ բնակելու համար: Եւ ամէնքս պարտաւոր ենք աշխատիլ կառուցանելու համար Եկեղեցին՝ կենդանի տունը Աստուծոյ: Ուր սէր կայ հոն Աստուած մեզի հետ է. ուր եղբայրասիրութիւն կայ հոն Յիսուս ներկայ է. ուր խաղաղութիւն կայ հոն Ս. Հոգին մեր մէջն է: Այս իմաստով, Եկեղեցիին հասարակութիւնը կը դառնայ սիրոյ եւ համերաշխութեան ընտանիք: Այս է քրիստոնեայ հասարակութիւնը, որ մենք կոչուած ենք կազմելու, որպէս Աստուծոյ ներկայութիւնը մարդոց մէջ:

Սիրելիներս, աղօթենք եւ աշխատինք մեր սիրտը ու մեր միտքը բարեփոխելու Աւետարանին հոգիին համաձայն, եւ բարի գործեր կատարելու՝ միասին կազմելու համար Քրիստոսի հասարակութիւնը, ուր ամէն մարդ Յիսուս կը նկատենք:

Ծննդեան տօներուն առթիւ, նուէրներ կը բաժնուին արտայայտելու համար տօնին ուրախութիւնը: Մեծագոյն նուէրը սակայն որ կը ստանանք՝ Աստուծմէ եկած նուէրն է՝ Յիսուսն է, որ նոր հասկացողութիւն բերաւ մարդկութեան, դժուար եւ անելի նեղութիւններէն դուրս գալու համար, ցոյց տալու մարդոց որ կարելի է սիրով ապրիլ, համերաշխ ապրիլ, խաղաղ ապրիլ՝ հետեւելով Յիսուսին եւ անոր սկզբունքներուն: Դրամասիրութիւնը, իշխելու մտահոգութիւնը, փոխվրէժ առնելու միտումը եւ այլ սխալ ըմբռնումներ որ մարդիկ կը տարածեն, բնաւ լուծում չեն բերեր՝ ոչ մեզի, ոչ ընտանիքներուն եւ ոչ ալ ընկերութեան: Բազմաթիւ օրինակներ կը պարզէ մեզի աշխարհը, ու կը բաւէ դիտել Լիբանանի ներկայ մռայլ կացութիւնը եւ լիբանանցիներուն շուարած եւ մտահոգ վիճակը:

    Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ սիրոյ ճամբան, իսկ մարդիկ՝ ատելութեան ճամբան,

    Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ համերաշխութիւն, իսկ մարդիկ՝ հակառակութիւն,

    Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ ներում, իսկ մարդիկ՝ վրէժխնդրութիւն:

    Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ կեանքի եւ ուրախութեան նոր քաղաքակրթութիւն մը, իսկ մարդիկը՝ մահուան մշակոյթը:

Աստուծմէ հեռու մնալով մարդիկ դժբախտ կ’ըլլան եւ իրենց շուրջիններն ալ դժբախտ կը դարձնեն:

Ծննդեան տօները առիթ կ’ընծայեն մեզի, որ աշխարհին ցոյց տանք ապրելակերպի եւ վարուելակերպի նոր կերպեր ու ձեւեր:

Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, Բիէր Ժըմայելի առեւանգումէն ի վեր, ամէն առիթէն կ’օգտուի Լիբանանի մասին արտայայտելու իր մտահոգութիւնը: Կ’ըսէ. «կը հետեւիմ մեծ մտահոգութեամբ ինչ որ կ’անձնի Միջին Արեւելք, ուր լուրջ տագնապներ եւ դժուարութիւններ կրնան նոր բռնութիւններ յառաջ բերել, յատուկ կերպով Լիբանանին մէջ՝ ուր տարբեր մշակոյթով եւ կրօնքով մարդիկ կոչուած են միասին ապրելու եւ կերտելու պետութիւն մը երկխօսութեան եւ համակեցութեան վրայ հիմնուած բոլորին օգուտին համար: Կը խնդրեմ լիբանանցիներէն եւ յատկապէս քաղաքական պատասխանատուներէն, որ փնտռեն միմիայն երկրին բարիքը եւ համերաշխութիւնը զանազան համայնքներուն միջեւ, անոնց մէջ հաստատելով միութիւնը, բան մը որ կը պահանջէ համբերատար եւ յարատեւ ջանքեր, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւն՝ վստահութեան վրայ հիմնուած»: Սրբազան Պապը կը շարունակէ. «երկիրը քանդելու ուժերուն դէմ, կը հրաւիրեմ բոլոր լիբանանցիները, որ թոյլ չտան որ ատելութեան ոգին յաղթանակէ, այլ աշխատին վերահաստատելու ազգային միութիւնը, արդարութիւնը եւ հաշտութիւնը, ինչպէս նաեւ միասին ձեռք ձեռքի տան ապահովելու համար մնայուն եւ խաղաղ ապագայ մը»:

Սիրելիներս, կը փակեմ խօսքս երկրորդելով Սրբազան Հօր յորդորը եւ մաղթելով Լիբանանին եւ բոլոր լիբանանցիներուն Եսայիի հետեւեալ յուսադրիչ մարգարէութիւնը. «Ելի՛ր, լուսաւորու՛է, քանզի քու լոյսդ եկաւ ու Տիրոջ փառքը քու վրադ ծագեցաւ» (Ես. 60,1):

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ Օրհնեալ է Ծնունդն Քրիստոսի


Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ