Երկուշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2011 - Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւն


Զալքա, Լիբանան


Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2011-ը տօնական օր էր Հայ Կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն ներս: Աշակերտները իրենց նախասիրած հագուստներով եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ առաւօտուն եկած էին դպրոց՝ միասնաբար տօնելու եւ դիմաւորելու կաղանդ պապան:
Առաւօտեան պատարագը մատոյց եւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ նորանշանակ ժողովրդապետ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի զոյգ կառոյցներու կարեւորութեան, որոնցմով հայ ազգը կրցած է հայօրէն գոյատեւել եւ որոնք են նոր սերունդի յարատեւութիւնը ապահովող հրամայականները: Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան աշակերտներուն հասկնալի եւ ըմբռնելի ոճով շեշտեց հայկական եկեղեցիին անհրաժեշտութիւնը եւ անոր յարատեւութիւնը վերագրեց հայ դպրոցին: Վարդապետը իր քարոզը աւարտեց աշակերտները մղելով հպարտ զգալու՝ Գէորգ Հարպոյեան Վարժարանի աշակերտները ըլլալով:

Պատարագին իր հրեշտակային ձայնով մասնակցութիւն բերաւ հայրենի արուեստագիտուհի երգչուհի Մարինէ Գրիգորեան, որ երկրորդ անգամ գտնուելով Հարպոյեանի աշակերտներուն հետ, առինքնեց ու հմայեց բոլորը: Իսկ պատարագի աւարտին վարժարանիս երգչախումբին կատարողութեամբ տեղի ունեցաւ աշակերտական համերգ մը, ուր հնչեցին Ս. Ծննդեան գեղեցիկ եւ հոգեպարար երգեր: 
Տօնական օրուան վերջին բաժնով վարժարանիս աշակերտները հրամցուցին կոկիկ յայտագիր մը, ուր անոնք ներկայացուցին երգեր, ասմունք եւ պարեր: Այս միջոցին եւ խանդավառ մթնոլորտը իր ճոխութեան գագաթնակէտին հասցնելով վարժարանիս տանիքէն իջան երկու կաղանդ պապուկներ, որոնք իրենց գալուստի իւրայատուկ ձեւով զուարճացուցին աշակերտները, վարժարանիս անձնակազմը եւ ներկայ գտնուող ծնողները: Կաղանդ պապուկները շաքարներ նետելով սահեցան պատերէն վար եւ աշակերտներուն միանալով պարեցին ու երգեցին անոնց հետ: Ապա իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտները փակին մէջ գտնուող տօնածառին շուրջ խմբուած նկարուեցան կաղանդ պապաներուն հետ եւ նուէրներ ստանալով ուրախութեամբ վերադարձան իրենց տուները:

Հոս հարկ է նշել, որ կաղանդ պապուկներու այս յատկանշական եւ ինքնուրոյն առաքելութիւնը կարելի եղաւ յաջողցնել լիբանանեան բանակի միաւորներուն օժանդակութեամբ, որոնք սիրայօժար ընդունեցին վարժարանիս տնօրէնութեան հրաւէրը:
Ուրախ եւ հաճելի օր մը անցընելէ ետք, Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները մեկնեցան՝ ունենալու Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորեայ զոյգ տօներուն առիթներով իրենց արձակուրդը, զոր կը փափաքինք ու մաղթենք որ ըլլայ յիշատակելի, եւ յառաջիկայ տարին ըլլայ արդիւնաւէտ եւ յաջողութեամբ լեցուն տարի մը:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ              


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ