Շաբաթ, 21 Յունիս 2008 - Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Այցելեց Նորընտիր Նախագահ Զօր. Միշէլ Սլէյմանին

 
Շաբաթ՝ 21 Յունիս 2008-ի առաւօտեան ժամը 11:00ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ
 
Պաապտայի նախագահական պալատ, հանդիպելու Լիբանանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ՝ Զօրավար Միշէլ Սլէյմանի: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ՝  Արհի. Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան, Պատրիարքութեան Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհի. Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան, Արհի. Հայր Պօղոս Արք. Գուսա, Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Միաբանութեան եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերապայծառ Հայր Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, Գերյ. Հայր Եղիա Թ.Ծ.Վ. Եղիայեան, Գերյ. Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան, Մխիթարեան վանքի Մեծաւոր՝ Գերապատիւ Հայր Արիւտակէս Մանուկեան, Գեր. Հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան, Գեր. Հայր Մեսրոպ Վրդ. Թօփալեան, Գեր. Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան,  Արժանապատիւ Տէր Կարապետ  Քհնյ. Թադէոսեան եւ  Արժանապատիւ Տէր Ալիշան Աբարդեան:

Հոգեւոր Տիրոջ առաջին պաշտօնական  այցելութիւնը որպէս նպատակ ունէր շնորհաւորել Հանրապետութեան նորընտիր նախագահը ու Համայն Լիբանանի ժողովուրդը
           
Անդրադառնալով երդման ճառին, Հոգեւոր Տէրը յայտնեց իր խոր վստահութիւնը նորընտիր նախագահի  յանձնառութեան նկատմամբ, հաստատելով թէ ինք կը հաւատայ Զօրավար Միշէլ Սլէյմանի  համայնքներու գոյակցութեան ճամբով երկրին ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու կարողականութեան, ինչպէս նաեւ  երկրին անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը պահպանելու գիտակցութեան, մարտահրաւէր մը՝ որ կը կարօտի  Լիբանանի բոլոր հոսանքներուն, կուսակցութիւններու եւ համայնքներու միջեւ համագործակցութեան, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքը, որ  ինչպէս միշտ եղած է պետութեան եւ բանակի կողքին ի նպաստ Լիբանանի ազգային շահերուն: Հոգեւոր  Տէրը իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց Հայ կաթողիկէ համայնքի զօրակցութիւնը եւ գործօն մասնակցութիւնը բերելու պատրաստակամութիւնը  երկրի վերականգման եւ բարգաւաճման  աշխատանքներուն մէջ:                
            
           
Ապա խօսք առաւ Հանրապետութեան նախագահը: Ան իր գնահատանքի ու շնորհակալութեան ջերմ խօսքերը  յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ, բարձր գնահատելով Հայ Կաթողիկէ համայնքը, որ տարիներ շարունակ իր լայնախոհութեան եւ Լիբանանի շահերը գերադասելու գիտակցութեամբ կրցած է համագործակցութեան եւ յարաբերութեան մէջ մտնել Լիբանանի զանազան համայնքներուն հետ եւ իր օրինակելի ներդրումներումներով  նպաստել Լիբանաի եւ իր ժողովուրդին բարօրութեան:

Հանդիպման աւարտին Հոգեւոր Տէրը Նախագահին նուիրեց Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի յուշամետալը եւ թանկարժէք մատեան մը հայոց մասին:

Յուշանկար մը առնելէ ետք, Նախագահը անձամբ ճամբեց Ամեն. Հոգեւոր Տէրը, որ իր մեկնումին առիթը ունեցաւ նաեւ բարեւելու պատուի կեցած նախագահական պալատի զինուորները:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ