Շաբաթ, 26 Յուլիս 2008 - Բարեսիրական Հաներգ ի Նպաստ Լիբանանահայ Զոյգ Վարժարաններու Կարիքաւոր Սաներու Ֆոնտին

 
Քանատա
 


Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը մեծ հիացմունք ապրեցաւ վերջերս, երբ քանատահայ Սեդա Անդունեան այցելելով Լիբանան, վարժարանի տնօրէնութեան յանձնեց լիբանանահայ զոյգ վարժարաններու՝ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյնի եւ Հայ Աւետարանական Թրատի վարժարանի համար Մոնրէալի մէջ կազմակերպուած «Պենիֆիթ Քոնսեր»ի Տի.Վի.Տին, ինչպէս նաեւ այդ համերգի ընթացքին զոյգ վարժարաններուն օգնելու համար հանգանակուած խորհրդանշական գումարը:

Այս համերգը կազմակերպելու գեղեցիկ մտայղացումը կը պատկանի Լորի Անդունեանի, որ կրցած էր անվարան ձեռնարկել իսկապէս դժուարին առաքելութիւն մը, որուն կազմակերպչական աշխատանքները լաւապէս կատարելով, կրցած էր իր շուրջ համախմբել իրեն պէս տասնեակ քաջարի հայ եւ օտար արուեստագէտ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, գերազանցապէս իրականացնելով «Պենիֆիթ Քոնսեր»ը: Այս երիտասարդներուն
 
օգնութեան հասած էին նաեւ Մոնրէալի Հայ Կաթողիկէ համայնքի բարեջան հովիւ, Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան, որ սիրով տրամադրած էր այդ երգահանդէսին համար «Տիրամայր Նարեկի» ժողովրդապետական եկեղեցւոյ «Աբիկեան» սրահը: Իսկ Լորիին հայրը՝ Համբարձում Անդունեան իր կարգին բաւական ջերմեռանդօրէն երգահանդէսին ներկայ բոլոր հիւրերուն փոխանցած էր լիբանանահայ զոյգ վարժարաններուն մասին պատմող տեղեկատուական մանրամասներ, զուգակցուած համապատասխան լուսանկարներու ցուցադրութեամբ:

Մեծապէս ողջունելի է լիբանանահայ զոյգ վարժարաններու հանդէպ՝ յատկապէս Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն Վարժարանի հանդէպ քանատահայ գաղութին տածած յատուկ ուշադրութիւնը, ի մասնաւորի Լորի Անդունեանի եւ անոր պէս երիտասարդներու հոգածու վերաբերմունքը հանդէպ հայ վարժարանը: Երախտագիտութեան անկեղծ զգացումները ուղղուած են անոնց բոլորին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ