Երկուշաբթի, 9 Յուլիս 2012 - Գոյժ՝ Պաղտատի հայ կաթողիկէ թեմի վաստակաւոր առաջնորդ՝ արհի. տէր Պօղոս արք. Քուսանի


Պէյրութ

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը կը գուժէ Պաղտատի հայ կաթողիկէ թեմի վաստակաւոր առաջնորդ՝  արհի. Տէր Պօղոս արք. Քուսանի մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ 7 յուլիս 2012, երեկոյեան ժամը 8-ին, Ժէյթաուի հիւանդանոցին մէջ:

Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի 11 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ Ժէիթաուի, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համմուտի հայ կաթողիկէ գերեզմանատան մատուռը: Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, Ժէիթաուի, մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00, ապա երեկոյեան ժամը 4:00-էն 7:00:

Հ
անգուցեալ գերապայծառ տէրը ծնեալ՝ 9 սեպտեմբեր 1917-ին, քահանայ ձեռնադրուած է 17 ապրիլ 1941-ին եւ եպիսկոպոսական կարգ անցած է 21 դեկտեմբեր 1969-ին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ