Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2011 - Ալ Րաիի պատրիարքը այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան

 

Պէյրութ

Հինգշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 4-ին, մարոնիթ պատրիարք Պշարա Պութրոս Ալ Րաիի այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս պատրիարքին հետ, սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առթիւ։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան արհիապատիւ հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, արհիապատիւ հայր Րաֆայէլ արք. Մինասեան եւ այլ հոգեւորականներ։

Հանդիպման ընթացքին երկու հոգեւոր պետերը քննարկեցին քրիստոնեաներու ներկայ իրավիճակը Միջին Արեւելքի մէջ, եւ կոչ ուղղեցին համերաշխութեան եւ միութեան Եկեղեցիներուն միջեւ, դատապարտելով վայրագ եւ ծայրայեղ կրօնական երեւոյթները տարածաշրջանին մէջ։ Այս առթիւ նաեւ արհիապատիւ հայր Րաֆայէլ արք. Մինասեան մարոնիթ պատրիարքին ներկայացուց Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ թեմը եւ անոր նուիրեց հայկական զանգակ մը կաղանդի առթիւ։
Ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը անդրադարձաւ նաեւ ֆրանսայի խորհրդարանին վերջերս որդեգրած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին մասին, եւ պատրիարքին Րաիին նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիտական համառօտ գրքոյք մը։

Հանդիպման աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ Րաիի պատրիարքը բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին սուրբ Ծննդեան ու Ամանորին առթիւ։ Այնուհետեւ, Րաիի պատրիարքը արձանագրեց իր խօսքը պատրիարքարանին ոսկեմատեանին մէջ։    

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ