Ուրբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2011 - Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւնը Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ

 

Դամասկոս

Պապ Շարքիի յոյն կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ 13 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ Սուրիոյ խաղաղութեան համար միասնական աղօթք, մասնակցութեամբ Քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերու ու ներկայացուցիչներու, որ ուղղակի սփռուեցաւ պետական հեռուստակայանէն։ Յանուն մեր համայնքին աղօթքին մասնակցեցան Դամասկոսի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեան, Հալէպի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան եւ հայր Գէորգ վրդ. Պահէյեան։ Հայկական երկու շարականներ կատարեցին եկեղեցւոյ երգչախումբի անդամներէն պարոնայք Սարգիս Քէշիշեան, Արամ Գայայեան, Ժոզէֆ եւ Ժան Բիէր Իսքենտէրեաններ, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Առնօ Քէշիշեանի։
 
Հինգշաբթի 22 դեկտեմբերի երեկոյեան, Դամասկոսի ՀԿՄ-ի պատանիներն ու երիտասարդները խմբակներու բաժնուելով այցելեցին համայնքին ու միութեան համակիրներու բնակարանները տալով աւետիսը Փրկչի ծնունդին, երգելով «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականը։ Իսկ 24 դեկտեմբերի երեկոյեան, Ճրագալոյցի սուրբ Պատարագը մատոյց ու քարոզեց գերապատիւ  հայր Գէորգ վրդ. Պահէյեան, ներկայութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներու։ Ինչպէս ամէն տարի սուրբ Պատարագին  ներկայ գտնուեցաւ Դամասկոսի  հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանը։ Բազմաձայն երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Քնար» երգչախումբի կողմէ։ Կիրակի 25 դեկտեմբերի առաւօտեան, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագը մատոյց արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեան եւ  յաւուր պատշաճի քարոզեց, խնդրելով Մանուկ Յիսուսէն խաղաղութիւն բերել մեր սիրելի երկրի Սուրիոյ, մաղթելով որ շուտով վերջ  գտնէ աւերիչ տագնապը։ Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան  Դոկտ. Արշակ Փոլատեանն ու դեսպանատան խորհրդական Տիար Տիգրան Գէորգեանը։ Յետ սուրբ Պատարագին, գերապայծառ տէրն ու ժողովրդապետ հայր Գէորգ վարդապետը ընդունեցին շնորհաւորութիւնները համայնքի զաւակներուն, մեծայարգ Պրն. Դեսպանին ու Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ սրբազանին ու այլ հիւրերու։

Կէսօրէ ետք, ՀԿՄ Պատանեկանը կազմակեց Ծննդեան տօնական հանդէս, եկեղեցւոյ Ռ. Պասմաճեան սրահին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան Պատանեկանի անդամները. բազմաթիւ ծնողներ, փոքրիկներ, բարեկամներ, գլխաւորութեամբ առաջնորդ գերապայծառ տիրոջ եւ գերապատիւ Գէորգ վարդապետին։ Բացման խօսքը կատարեց Առնօ Քէշիշեան, որ խնդրեց խաղաղութեան իշխան Մանուկ Յիսուսէն լուսաւորելու բոլոր սուրիացիներուն միտքերը պահպանելու խաղաղ գոյակցութիւնը բոլոր քաղաքացիներուն երկրին մէջ։ Հանդէսի ընթացքին խօսք առին Գերապայծառ տէրը, միութեանս ատենապետ Պրն. Սարգիս Քէշիշեանը ու ժողովրդապետ  հայր Գէորգ վարդապետը։ Հաճելի յայտագիր մը հարուստ երգերով, զաւեշտներով ու նուագներով հրամցուեցաւ ներկաներուն։ Աւարտին, սրահին մէջ յայտնուեցաւ Կաղանդ Պապան շրջապատուած իր դիկնապահներով, մեծ ուրախութիւն պատճառելով ներկայ փոքրիկներուն։ Ան իր խրատներով ու բաժնած բազմաթիւ նուէրներով յաջող աւարտին հասցուց հանդէսը, ուրկէ մեկնեցան ներկաները տօնական տրամադրութեամբ։      
                                                                                                                       


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ