Երկուշաբթի, 24 Մայիս 2010 - Հ.Կ. Մեսրոպեան վարժարանի Ա. Հաղորդութեան Սուրբ Պատարագ


Պէյրութ, Լիբանան

 

Մեսրոպեանցի
սպիտակազգեստ 45 հրեշտակներ, Շաբաթ, 8 Մա­յիս 2010-ի կէսօրէ ետք ժամը 4։00-ին, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուեր էին, մասնակցելու հոգեպարար եւ հանդիսաւոր արա­րո­ղութ­եան մը, որուն անհամբեր եւ երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասէին։ Եկե­ղեցւոյ մէջ, անոնց ուրախութեան մասնակից էին հոգեւոր հայրեր, վարժարանի պատասխանատուներ, ուսու­ցիչ-ուսուցչուհիներ, ծնողներ եւ բարեկամներ։

 

Մեր հրեշտակները եկած էին, իրենց հետ բերելով ցորեն ու խաղող, որոնք պիտի սրբագործուէին, դառնալով Յիսուսին մարմինն ու արիւնը։ Ինչպէս որ Յիսուս ըսած էր իր առաքեալներուն. «Առէք եւ բաժնուեցէ՛ք, որովհետեւ ասկէ ետք երբեք պիտի չխմէք այգիի բերքէն մինչեւ գայ Աս­տու­ծոյ Արքայութիւնը։ Ասիկա իմ մարմինս է տրուած բազմութեան հա­մար, ասիկա ըրէք իմ յիշատակիս համար։ Այս բաժակը նոր Ուխտն է իմ արի­ւնովս, որ կը հեղու ձեզի համար (ըստ Ղուկասու)», այնպէս ալ օրուան պատարագիչը ըսաւ մեր մանուկներուն, նախքան անոնց Հաղորդութիւն տալը։

 

Ա. Հաղորդութեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Արհիա­պա­տիւ Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան, անոր առընթերականն էր՝ Սուրբ Փր­կիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Սարգիս Վրդ. Դաւիթեան, ինչպէս նաեւ օգնական ժողովրդապետ՝ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան։

 

Եկեղեցւոյ մէջ 45 մատղաշ եւ անմեղ հոգիներ սրբաբուխ աղօթե­ցին ու Յիսուսին նուիրուած երգեր երգեցին։ «Քեզի կու գամ, Ո՛վ Յիսուս» ըսելով անոնք հաղորդուեցան Ս. Փրկչին հետ, իրենց սիրտն ու հոգին յաւերժ նուիրելով Անոր։

 

Ա. Հաղորդութեան հոգեւոր արարողութենէն յետոյ, հաղորդութիւն ստացած բոլոր մանուկները ստացան յատուկ յուշանուէրներ, այնուհետեւ բոլորը հա­ւաք­ուեցան Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն եւ ընդունուեցան շնորհաւորութիւններ։

 

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ