Երկուշաբթի, 6 Յուլիս 2015 - Հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ

 

 

Պէյրութ

 

 

Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը, որ անմիջական ներկայութիւնը վայելած է երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, 5 յուլիս 2015, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագով մը ոգեկոչեց երանաշնորհ Հայրապետին յիշատակը։ Յընթացս սուրբ Պատարագին արտասանած քարոզին մէջ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետը՝ գերապատիւ հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան յուզումնալից երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ երանաշնորհ Հայրապետին կողմէ ժողովրդապետութեան հանդէպ ցուցաբերուած հայրական հոգածութեան եւ ապա մեկնաբանելով օրուան աւետարանը՝ հրաւիրեց ներկայ հաւատացեալները կեանքին եղելութիւնները դիտելու եւ ապրելու Հաւատքի աչքերով։

Պատարագէն ետք, ներկայ հաւատացեալները ցաւակցութիւններ փոխանակեցին Եկեղեցւոյ հիւրասրահին մէջ։



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ