Երկուշաբթի, 9 Յուլիս 2007 - Հայրապետական Պատգամ «Գէորգ Հարպոյեան» Վարժարանի 20 Ամեակի Առիթով

 

Մեծայարգ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր
Դեսպան՝ Տիար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան
Յոյժ սիրելի հանդիսականներ
Ազնուափայլ Տիկին Զուարթ Նաճարեան,

Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է այսօր համախմբուիլ Գէորգ Հարպոյեան Հայ Կաթողիկէ Երկրորդական Վարժարանի յարկին տակ, նախ Վարժարանիս 2006-2007 տարեշրջանի շրջանաւարտներու վկայականներու բաշխման հանդիսութեան առիթով, բայց մանաւանդ մեծարելու եւ պարգեւատրելու համար բոլորիդ կողմէ սիրուած, յարգուած եւ գնահատուած Տիկին Զուարթ Նաճարեանը, որ անցնող ինը դժուարին տարիներուն ընթացքին ձեռնհասութեամբ եւ նուիրումով վարելէ ետք մեր Վարժարանին տնօրէնի  խիստ պատասխանատու պաշտօնը, նախընտրեց այսուհետեւ ամբողջութեամբ նուիրուիլ իր ընտանիքին: Տիկին Նաճարեանին կատարած շնորհակալ աշխատանքի արդիւնքին ուրախութիւնը մասամբ կը փարատէ անոր հրաժեշտի պահուն յուզումը:

Այս միջոցիս,  մեզ համախմբող զոյգ առիթներուն կը զուգադիպի նոյնքան կարեւոր  երրորդ առիթ մը, որ Գէորգ Հարպոյեան Հայ Կաթողիկէ Երկրորդական Վարժարանի Քսանամեայ տարեդարձն է:

Արդարեւ, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարքին տնօրինումով, 1987ին իր դռները բացաւ Գէորգ Հարպոյեան Վարժարանը, իբր առաջին տնօրէն ունենալով Գերապատիւ Հայր Պօղոս Վրդ. Գազանճեանը, որուն յաջորդեցին Գերապատիւ Հայրեր Ռաֆայէլ Վրդ. Մինասեանը եւ Յովսէփ Վրդ. Թոփալեանը, ապա Տիար Վահէ Էլմաճեանը, այնուհետեւ Գերապատիւ Հայրեր Եղիա Վրդ. Եղիայեանը եւ  Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեանը, հուսկ՝ 1998էն մինչեւ օրս, Տիկին Զուարթ Նաճարեանը, որուն պիտի յաջորդէ Տիկին Ռիթա Ժամկոչեան - Պոյաճեանը:

Վարժարանը որ այսօր իր քսանամեակը կը նշէ,  սկսած է գործել համեստ պայմաններով եւ սակաւաթիւ աշակերտներով: Սակայն, համբերութեամբ եւ տքնաջան աշխատանքով, աստիճանաբար ու մանաւանդ վերջին տարիներուն եւ հակառակ դժուարին բոլոր պայմաններուն, 2000-2001 տարեշրջանին Երկրորդական բաժնին բացումով՝ Վարժարանը շօշափելի աճում արձանագրեց: Այս տարի շրջանաւարտներուն հինգերորդ հունձքն է, որ, գալիք տարիներուն աւելի արդիւնաշատ եւ խոստումնալից հունձքերու, մեր յոյսը կը զօրացնէ:

Սիրելիներ, Դպրոցը՝ հայերուս համար, հասարակ կրթական կառոյց մը ըլլալէ աւելի, նուիրական առաքելավայր մըն է, ուր,  պետական ուսումնական ծրագրին զուգահեռ, նորահաս սերունդներուն կը ջամբուին հայեցի կրթութիւն, հայ աշակերտին ինքնութիւնը զօրացնող՝ ազգային եւ մշակութային արժէքներ, տոհմային աւանդութիւններ, հայոց պատմութիւն եւ մանաւանդ Լուսաւորչեան ջինջ հաւատքը: Անոնց կը փոխանցուին հայրենասիրութեան ոգի ինչպէս նաեւ Հայ Ազգին նուիրական սրբութիւնները, որպէսզի Հայ Դպրոցէն դուրս եկած ժամանակ, ամէն Հայ երիտասարդ եւ երիտասարդուհի յետագային դառնան իրենց ժողովուրդի քաղաքակրթութեան, մշակոյթի, ազգային արժէքներու եւ մարդկային արժանիքներու ջահակիրները:  

Հայ Դպրոցի ուսերուն կը ծանրանայ միաժամանակ տիպար, օրինապահ եւ յարգանքի արժանի քաղաքացիներ պատրաստելու պարտականութիւնը: Ահա թէ ինչու համար բարի յիշատակութեան արժանի են Վարժարանիս հիմնադիրները եւ իրերայաջորդ տնօրէնները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորութեան արժանի են ուսուցչակազմերը, դպրոցին ծառայողները եւ մանաւանդ իրենց զաւակները հայ դպրոցին վստահող Հա՛յ ծնողները:

Հայ Դպրոցի այս առաքելութեան գիտակցութեամբ առաջնորդուեցաւ  եւ գործեց Տիկին Զուարթ  Նաճարեան իբրեւ տնօրէնուհի իր պաշտօնավարութեան ինը տարիներու ընթացքին: Անուրանալի է անոր բերած նպաստը Դպրոցի յառաջընթացին թէ՛ վարչական եւ թէ՛ ուսումնական գետիններու վրայ, շնորհիւ ոչ միայն իր գործավարական փորձառութեան եւ շրջահայեցութեան, այլ մանաւանդ իր հայու մօր վերաբերումին: Իրեն համար դպրոցը եղաւ իր երկրորդ ընտանիքը եւ դպրոցին աշակերտ-աշակերտուհիները՝ իր զաւակները: Անոնք երբեք պիտի չմոռնան  գուրգուրանքն ու սէրը զորս Տիկին Նաճարեան անոնց ցուցաբերեց՝ դաստիարակչական խստապահանջ սկզբուքներուն կառչելով հանդերձ: Ծնողները երախտապարտ պիտի ըլլան իրեն, որ իրենց զաւակներու ընտանեկան դաստիարակութեան եւ առողջ կազմաւորումի համար  ունեցան անզու•ական գործակից մը: Եւ վերջապէս, Հայ Կաթողիկէ Համայնքը Տիկին Նաճարեանին երախտագէտ պիտի ըլլայ, որ ան այնքան ձեռնհասութեամբ, նուիրումով եւ հաւատարմութեամբ վարեց պատրիարքական այս կրթօճախը, ոչ միայն իբրեւ անոր առաջին պատասխանատուն, այլ այնպէս ինչպէս պիտի ընէր իր սեփական տան համար:

Այս պահուս, չենք կրնար մոռնալ եւ չ’ողջունել նաեւ Տիկին Նաճարեանին աջակիցները եւ գործակիցները, որոնց առաջին շարքին վրայ կը գտնուի իր պատուական կողակիցը՝ Տիար Սարգիս Նաճարեանը, որուն իմաստուն խորհուրդները, վստահ ենք, մեծապէս դիւրացուցին իր ազնուափայլ տիկնոջ պատասխանատու աշխատանքը:

Մեր մաղթանքն է, որ իրեն վստահուած պարտականութիւններուն ճամբով Եկեղեցւոյ, Ազգին եւ Հայրենիքին ծառայելու Տիկին Զուարթ Նաճարեանին օրինակը վարակիչ ըլլայ, որովհետեւ այսօր, աւելի քան երբեք, մեր համայնքը կարիքը ունի որքան ձեռնհաս նոյնքան համեստ, որքան շրջահայեաց նոյնքան նախանձախնդիր, որքան գիտակից նոյնքան նուիրեալ զաւակներու, արժանի հասարակութեան յարգանքին ու գնահատանքին եւ արժանացած Մեր հայրական սիրոյն եւ Հայրապետական օրհնութեան:

Տիկին Նաճարեա՛ն, վարձքդ կատար: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ