Կիրակի, 12 Օգոստոս 2012 - Դամբանական ի յիշատակ գերապայծառ Աշգարեանին


Պէյրութ

Յիշատակովդ, այս գիշեր, կ՚զգամ այնչա՛փ հարուստ,
Այնչա՛փ բարի, երջանիկ…որ գթութեամբ մը անհուն`
Կը մտածեմ զայն բաժնել երկրի բոլոր խեղճերուն:

Հայու հարազատներ,
Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանը չէ մեռած, որովհետեւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին չէր ապրած իր անձին, իր շահերուն եւ իր անհատական նպատակներուն համար: Չէ մեռած, այլ` կ՚ապրի իւրաքանչիւր հայ աշակերտի ու ծնողքի հոգիին մէջ, կ՚ապրի իր կատարած նուիրական, օգտաշատ, ազգային եւ հոգեւոր գործերով: Կ՚ապրի, քանի որ ուրիշներու կենսունակութեան եւ զարգացման օգտաշատ դարձած էր: Կ՚ապրի, քանի որ կեանքը յատկացուցած էր հայ մանուկին եւ յատկապէս կարիքաւոր աշակերտին:

Հայր Վարդան տարբեր առիթներով իր ստացած անձնական նուէրները վերադարձուցած է, խնդրելով, որ փոխարէնը նուէրներ առնուին հայ աշակերտներուն եւ օգտակար նպատակներու ծառայեն: Այո՛, հայ աշակերտը իր իսկ անձէն աւելի կարեւոր էր, աւելի առաջնահերթ էր, էական էր:
Վահան Թէքէեանի նշեալ տողերը ամբողջովին յարիր են իր նկարագիրին ու գործունէութեան:
Հաշույարդար, ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն…
Ինչ որ գնաց ուրիշին` վերադարձաւ անուշցած
Ու զօրացած` հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան:
Այո՛, հայ դպրոցին կենսունակութիւն ու եռանդ պարգեւող հովիւն էր, տէրն էր ու ծառան, առաջնորդն ու զօրակցողը: Այս մեկնակէտէն առաջնորդուելով, յետ մահու իր անունով ստեղծուեցաւ հայ աշակերտին հիմնադրամը:
Հայր Վարդանը անկեղծ էր, ունէր անմեղ ժպիտ մը եւ լայն սիրտ: Անոնց որոնց կը սիրէր ամբողջովին կը վստահէր, իսկ անոնց որոնց նկատմամբ վերապահութիւններ ունէր Մուսալեռցիի քաջութեամբ իր տեսակէտները կը փոխանցէր: Այո՛, դժուար պայմաններու մէջ կը բացայայտուէր իր Մուսալեռցիի դիմագիծը` արժէքներու կառչուածութիւնը, խռոխտ նկարագիրը եւ խստապահանջութիւնը:
Հայր Վարդանը համեստ էր, չէր սիրեր տիտղոսներն ու անուանումները, ցուցական երեւոյթները. մեծապէս կը բաւարարուէր □Հայր Վարդան□ կոչումով: Տարբեր առիթներով նաեւ մերժեց վառորդ ունենալը, հակառակ անոր որ վերջին տարիներուն իր առողջապահական վիճակը կը վատթարանար:
Գերապայծառը իրողապէս հայու հարազատ զաւակն էր, որովհետեւ չուներ համայնքային, կուսակցական կամ դասակարգային խտրականութիւններ: Կը բաւէր, որ ենթական հայ ըլլար ու արդէն ամբողջական իմաստով հարազատ էր…

Իր հօր եւ մօր յիշատակը անմահացնելու համար,Հայր Վարդանը նախաձեռնեց Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին հաստատումը Մեսրոպեան վարժարանին մէջ: Արձան մը, որ համահայկական առումով ունի եւ պէտք է ունենայ իր կարեւոր նշանակութիւնը: Այսօր, Հայր Վարդանը իր ծնողներուն ընդմէջէն նշեալ արձանով կու գայ անմահացնելու իր յիշատակը:

Գերապայծառը հոգատար հայրս էր եւ ամէնալաւ զրուցակիցս: Սակաւախօս էր, բայց երբ խօսէր սրամիտ էր եւ իմաստալից պատգամներ եւ խրատներ կը փոխանցէր, երբեմն ալ բանաստեղծութիւններէ մէջբերումներ կը կատարէր: Իր օրհնութեամբ ընտանիք կազմեցինք եւ զաւակներս մկրտուեցան եւ իր դրոշմը հոգեպարար էր եւ բարենպաստ, որովհետեւ իրեն համար ընտանիքը արժէք էր եւ սրբութիւն:
Այսօր, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը սուգի մէջ է. դպրոցը կորսնցուց վերջին տասնամեակներու իր ամուր եւ հաստատուն սիւններէն մէկը, իր արթուն պահակներէն ու խորհրդատուներէն մէկը:
Այսու կը յայտարարենք, որ Հայր Վարդան Աշգարեանին յիշատակը վառ պահելու համար, վերամուտին, Մեսրոպեան վարժարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի վերանորոգուած գրադարան-տեսադարանը պիտի կրէ մեր սիրելի հովիւին անունը, որպէսզի նորահաս սերունդներու զաւակները թրծուին իր սրբազան շունչով, բարութեամբ, ազգային ու հոգեւոր ոգիով եւ նուիրուածութեամբ:
Սիրելիներ,
Վիեննա ճամբորդելէն ամիսներ ետք, այսօր կը հասկնամ, թէ ինչու Հայր Վարդանը ամէն օր Մեսրոպեան վարժարան կու գար: Իրաւունք ունէր. իրեն համար հայ մանուկին ժպիտը իր կեանքէն օր մը կ՚աւելցներ եւ այդ օրերը աւարտեցան... Մանուկները իր ներաշխարհին հիմքն էին եւ չկրցաւ մանուկներէն հեռու նոյնիսկ իր Տան մէջ գոյատեւել:

Ցտեսութիւն գերապայծա՛ռ,
Վստահ եմ, որ Քու բարի գործերուդ տարողութիւնը միայն մեր Երկնաւոր Տէրը գիտէ, իսկ երկրի վրայ քու ջանքերովդ այսօր բարձր վկայականներու արժանացած աշակերտներդ քեզ կը յարգեն ու միշտ պիտի յիշեն:
Բարի գործ կատարեցիր յանուն մարդկութեան եւ ի մասնաւորի հայութեան:
Կը հաւատամ, որ պիտի ստանաս արդար վարձահատոյցդ:
Ննջէ՛ հանգիստ, քանի որ ինչ որ ունէիր ամբողջովին տուիր ուրիշին, տուիր քո՛ւ հարազատ զաւակներուդ…

Կրէկուար Գալուստ

6 Օգոստոս 2012


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ