Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2015 - Հաղորդագրութիւն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Յատուկ Սիւնհոդոսի

 

Հռոմ

 

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց յատուկ Սիւնհոդոսի բացումը կատարուեցաւ 24 փետրուար 2015-ին, Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանին մէջ, Հռոմ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ մասնակցութեամբ հետեւեալ թեմերու Առաջնորդներուն. Լիբանան, Հայաստան եւ Արեւելեան Եւրոպա, Պոլիս, Հալէպ, Դամասկոս, Բարձր Ճեզիրէ, Եգիպտոս, Պարսկաստան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա, Լատին Ամերիկա, Յունաստան:

Սիւնհոդոսական Հայրերը քննարկեցին գլխաւորաբար հետեւեալ կէտերը.

Ա. Քննարկում՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրավիճակին, ընդհանրապէս աշխարհի եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի ներկայ արմատական վերիվայրումներուն եւ անոնց հետեւանքով ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան լոյսին ներքեւ: Որոշուեցան առնուելիք քայլերը՝ դիմագրաւելու համար բազմապիսի հարցերն ու մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան մեր հաւատացեալներուն ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան:

Բ. Ցեղասպանութեան 100 ամեակի յիշատակութեան ծիրին մէջ կատարուելիք՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ համահայկական մակարդակի վրայ եւ զանազան կազմակերպութիւններուն հետ ծրագրուած ձեռնարկներու կարգաւորում եւ անմիջական նախաքայլեր:

Գ. Այս նոյն գծով եւ յատուկ կերպով նշուեցան հետեւեալ կէտերը.

- Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կողմէ տրուած դրական պատասխանը Գերեջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ ուղղուած աղերսին՝ սուրբ Պատարագ մատուցանելու Հռոմի «Սուրբ Պետրոս» մայր տաճարին մէջ, յառաջիկայ ապրիլ 12-ին, մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան, ինչպէս նաեւ քոյր Եկեղեցիներու եւ այլ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն եւ ի ներկայութեան հայ եւ օտար քաղաքական անձնաւորութիւններու:

- Սիւնհոդոսի Հայրերը շնորհակալութեան նամակ յղեցին Սրբազան Պապին՝ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումին առիթով Հայ ժողովուրդին հանդէպ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Յայտնեցին նաեւ իրենց երախտագիտութիւնը անոր պատմական որոշումին համար՝ ի մօտոյ սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակելու:

Դ. Սիւնհոդոսական հայրերը զօրակցութիւն յայտնեցին Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներուն մէջ տարագրութեան ու ջարդի ենթարկուող բազմահազար քրիստոնեաներուն հետ որոնք, ի նմանութիւն առաջին դարերու քրիստոնեաներուն, կը նահատակուին իրենց քրիստոնէական հաւատքին կառչած մնալնուն համար: Հայրերը յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ բոլոր մարզերու մէջ յառաջ տանելու իրենց ջանքերը, այդ հալածուած ժողովուրդին օգնութեան հասնելու եւ անոնց տառապանքները թեթեւցնելու համար:

Սիւնհոդոսական նիստերը փակուեցան 28 փետրուար 2015-ին, յատուկ արարողութեամբ, քահանայապետական  Լեւոնեան Հայ Վարժարանի «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցիին մէջ:

Հռոմ, 28 փետրուար 2015

Քարտուղարութիւն

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ