Չորեքշաբթի, 5 Օգոստոս 2015 - Արհի. Մանուէլ Եպս. Պաթագեանի խօսքը Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոսի մահուան քառասունքին

 

Պէյրութ

Քառասուն օրեր անցան այն առաւօտէն ուր, յանկարծակիօրէն, անշշուկ, ստուերի նման, աոանց ոեւէ մէկը խանգարելու, լքեց այս երկիրը ու մեկնեցաւ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայրապետը։ Կրնանք անվարան ըսել թէ այդ օր, արդարի մը մահուան վկայ եղանք։

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին անձն ու գործունեութիւնը կրնան այլազան ու բազմապիսի զգացում­ներ յարուցանել եւ հակասական մեկնաբանութիւններու տեղի տալ։ Սակայն, անտարակոյս, մէկէ աւելի յատկանշական կէտեր կան անոր կեանքին ու գործունէութեան, զորս դժուար է անգիտանալ կամ անտեսել :

Արդարեւ ոչ ոք կրնայ ուրանալ թէ լուսահոգի հայրապետը միահամուր կերպով ճանչցուած էր իբրեւ օժտուած այն աոաքինութիւններով ու կարողութիւններով՝ որոնք հիմքը կը կազմեն հոգեւոր առաջնորդի մը կեանքին:

Ան, նախ եւ առաջ, հոգեւորական մըն էր, որ հոգեւոր կեանքը կը նկատէր ու զայն կ՚ապրէր՝ իբր կենսական ու անփոխարինելի պայման եկեղեցականի մը կոչումին ու աոաքելութեան արդիւնաբերումին: Ան չէր կրնար պահ մը իսկ երեւակայել թէ քահանայ մը կրնայ յաւակնիլ ըլլալ քրիստոսի աշակերտ եւ առաքեալ, առանց աղօթքը դարձնելու իր կեանքին բեւեռը, կորիզն ու սնունդը: Եւ այդ ցոյց կու տար՝ իր հաւատարմութեամբը սուրբ Պատարագի առօրեայ մատուցումին եւ ժամերգութեան: Ծայր սստիճան բծախնդիր էր ծիսական կեանքին հարազատ պահպանումին ու գործադրութեան, զայն նկատելով քրիստոնեայ հասարակութեան պաշտամունքային կեանքին լիակատար ապրումին բարձրագոյն արտայայտութիւնը :

Հանգուցեալ Հոգեւոր Տէրը խստապահանջ էր օրէնքի ու կարգ ու կանոնի յարգանքին նկատմամբ, որովհետեւ մարդկային ու բարոյական կեանքի անաղարտ պահպանումին համար անհրաժեշտ կը համարէր զայն: Այդ խստութիւն կր գործադրէր՝ նախ ինք իր անձին հանդէպ, զայն ուրիշէն պահանջելէն առաջ :

Ան կրնար սեպուիլ նաեւ աշխատասիրութեան տիպար։ Առաւօտ կանուխ, առօրեայ սուրբ Պատարագին անմիջապէս կը յաջորդէր աշխատանքի պահը, որ կէսօրուայ դադարէն ետք կ'երկարէր մինչեւ ուշ երեկոյ: Երբ որեւէ ծրագիր մը կը յղանար կամ նախաձեռնութիւն մը կ'առնէր, անկարելի էր որ այդ մնար կիսաւարտ, ինչ որ երբեմն յաւելեալ ծանր աշխատանքի ժամեր կը պահանջէր իր անմիջական գործակիցներէն :

Մէկ խօսքով, իր մարդկային առաւել կամ նուազ նկատառելի թերիներուն առընթեր, ինչպէս է ամէնէն օժտուած մահկանացուն անգամ, հանգուցեալ Հայրապետը ունէր ա՛յլ բազմաթիւ անուրանալի յատկութիւններ եւ արժանիքներ, որոնք պիտի չմոռցուին եւ վառ պիտի պահեն անոր յիշատակը մեր մտքին ու սրտին մէջ։

Մենք պիտի ադօթենք այսօր, ոչ միայն հայցելով Աստուծմէ որ իր հաւատարիմ ծառային շնորհէ յաւիտենական այն հանգիստն ու երանութիւնը որու լիուլի արժանացաւ, այլ նաեւ որպէսզի ան իր միջնորդութեամբը, երկինքէն, հովանի ըլլայ մեր համայնքին ու Եկեղեցիին վրայ եւ հսկէ նաեւ մեր նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին, Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս քսաներորդին վրայ, որպէսզի Աուրբ Հոգիին շունչը հաստատուի ու տեւապէս մնայ անոր վրայ եւ հովանաւորէ անոր հոգեւոր, հովուական ու վարչական գործունէութիւնը, որպէսզի ինչ որ իր նախորդը կատարեց իր մարդկային բոլոր ուժերովը, յաջորդը շարունակէ, բարելաւէ եւ կատարելագործէ, ի պայծառութիւն Եկեղեցւոյ եւ ի բարիս իրեն վստահուած հաւատացեալ ժողովուրդին զաւակներուն :

Կիրակի, 2 Օգոստոս 2015

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ