Չորեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2012 - Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Ընծայարանի ժառանգաւոր Էլի Հատտատ կատարեց իր միաբանական խոստումը


Զմմառ

Շաբաթ, 29 սեպտեմբեր 2012-ին, Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ընծայարանի ժառանգաւոր Էլի Հատտատ երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին կատարեց իր միաբանական խոստումը, ըլլալու հնազանդ իր մեծաւորներուն եւ շարունակելու իր ուսումները Աստուծոյ կամքով: Եղբայր Էլին, մէկ տարի փորձարական շրջանը աւարտելէ ետք, մեկնեցաւ Հռոմ՝ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան, սկսելու համար համալսարանական իր իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան ուսումները:



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ