Երեքշաբթի, 5 Փետրուար 2013 - Հաղորդագրութիւն

Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի հայերէնի ուսուցիչներ քննարկեցին հայերէնի ուսուցման նոր ծրագիրները

30 եւ 31 Յունուար 2013-ին Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի հայերէն լեզուի ուսուցիչներու երկու իրարայաջորդ հանդիպումներ, հրաւէրովը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին:

Հանդիպումներուն ընթաքցքին քննարկման առարկայ դարձան Հայ կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ այս տարեշրջանի սկիզբէն կիրարկումի մէջ գտնուող հայերէնի ուսուցման նոր ծրագիրներու գործադրութեան հետ կապուած հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ, մասնակից ուսուցիչները ներկայացուցին կիրարկումին հետ կապուած իրենց վկայութիւններն ու շարք մը դիտողութիւններ եւ առաջարկներ` ուղղուած ծրագիրներու լրամշակման:

Նշեալ ծրագիրները ստեղծուած էին անցեալ տարուայ ընթացքին` Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին նախաձեռնութեամբ: Գործի ղեկավարութիւնը կատարեց Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի հայոց լեզուի եւ անոր ուսուցման մեթոտիքայի ամպիոնի դասախօս դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան, մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ վարժարաններու մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի հայերէնի ուսուցիչներուն:

Հանդիպումներու բացման իր խօսքին մէջ  Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ Վարդան Թաշճեան վեր բերաւ նշեալ ծրագիրներու կարեւորութիւնը` Լիբանանի հայ կաթողիկէ դպրոցներու մէջ հայերէնի ուսուցման գործի կարգաւորման եւ զարգացման մէջ: Ան  ըսաւ, որ այս ծրագիրները կրնան դառնալ ուղեցոյցներ կամ օժանդակ ձեռնարկներ` Հայկական սփիւռքի մէջ հայերէնի դասաւանդմամբ զբաղող մանկավարժներուն համար` ընդհանրապէս, կարեւորելով ծրագիրներուն վերաբերեալ այս գործի մասնագէտներուն արձագանագները` հետագայ լրամշակումներուն համար: Ապա խօսք առաւ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ յատկապէս գնահատեց ներկայ ուսուցիչներու մասնակցութիւնը` նշեալ ծրագիրներու ստեղծման աշխատանքներուն մէջ, կայացած հանդիպումները համարելով կենդանի օրինակներ` Հայ կաթողիկէ կրթական մարմիններու եւ գործող ուսուցիչներու միջեւ գեղեցիկ եւ արդիւնաւէտ գործակցութեան: Հայր Գազանճեան բարձրօրէն գնահատեց Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու նախանձախնդրութիւնը` հայերէնի ուսուցիչներու վերապատրաստման եւ լեզուի ուսուցման ծրագիրներու ստեղծման աշխատանքներու յաջողութեան համար, ինչպէս նաեւ Դոկտ. Կիւլամիրեանի անձնուէր եւ արդիւնաւէտ ղեկավարումը` նշեալ աշխատանքներուն:

Հանդիպումներու աշխատանքային մասով,  ծրագիրներու կազմութեան խումբի ղեկավար Դոկտ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան, որ յատուկ այս առիթով Երեւանէն հրաւիրուած էր Պէյրութ, լսեց ուսուցիչներու գնահատականները` ծրագիրներու մօտ քառամսեայ գործածութեան ընթացքին մասին, առաջարկներ` ծրագիրներու լրամշակման ուղղուած եւ բացատրութիւններ տուաւ ներկայացուած շարք մը հարցերու վերաբերեալ: Հանդիպումներու յաջորդող օրերուն Դոկտ. Կիւլամիրեան այցելեց Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարանները, տեղւոյն վրայ շարունակելու համար ուսուցիչներու հետ քննարկումները` նշեալ ծրագիրներու գործադրութեան եւ լրամշակման վերաբերեալ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ