Երկուշաբթի, 2 Յունուար 2006 - Հայաստանի մօտ Լիբանանի Դեսպան Կապրիէլ Ժի՛արա այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

2 Յունուար 2006-ի առաւօտեան ժամը 9:30ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան այցելեց Հայաստանի  մօտ Լիբանանի Դեսպան Կապրիէլ Ժի՛արա:
Հիւրը ընդունուեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքին կողմէ. այցելութեան ներկայ էր Լիբանանի Թեմի ընդհանուր փոխանորդ՝ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան:
Մօտ կէս ժամ տեւող հանդիպումին ընթացքին, վսեմաշուք դեսպանը խօսակցութիւն ունեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ, որուն ընթացքին իր շնորհաւորութիւնը մաղթեց Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի զոյգ տօներուն: Հանդիպումին ընթացքին ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանութեան կատարած ձեռնարկներուն մասին, ի մասնաւորի նշանաւոր լիբանանցի բանաստեղծ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի արձանի հաստատումը:
Դեսպան Կապրիէլ Ժի՛արա մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն շնորհակալութիւն յայտնելով Հոգեւոր Տիրոջ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ