Երկուշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2012 - Կրօնական զբօսաշրջութեան եւ ուխտի աճման միութիւն


Զմմառ

Ուրբաթ, 12 հոկտեմբեր 2012-ին, Քֆիֆանի ուխտավայրին մէջ կայացաւ Լիբանանի 21 սրբավայրերու ներկայացուցիչներու 30-րդ ժողովը, որուն ընդհանրապէս Զմմառի վանքի ընդհանուր քարտուղարը կը մասնակցի:

«Կրօնական Զբօսաշրջութեան և Ուխտի աճման Միութիւն»-ը հաստատուած է Լիբանանի Պատրիարքներու Խորհուրդի կողմէ: Լիբանանի 21 սրբավայրերու ներկայացուցիչ՝ կրօնաւոր կրօնաւորուհիներ, 7 տարիէ ի վեր ժողովներ կը գումարեն այս սրբատեղիներէն մէկուն մէջ:

Այս միութիւնը, որուն տնօրէնը՝ հայր Խալիլ Ալուանն է, Լիբանանցի առաքելութեանց Միաբանութենէն, ցարդ 2 համագումար կատարած է գործակցաբար Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարութեան հետ: Պատրիարքներու Խորհուրդի Սիւնհոդոսը այս միութեան եւս կը յանձնէ կրօնքներու երկխօսութեան ձեռնարկները:

Միութիւնը, իր աշխատանքներուն ծիրին մէջ, հրատարակեց իր առաջին գիրքը՝ «Լիբանանի Սրբավայրերը, Ճանապարհդ դէպի Քրիստոս» արաբերէն լեզուով: Նկարազարդ եւ գունաւոր 245 էջերէ բաղկացած այս հատորը, որ լոյս տեսաւ այս տարի 10.500 տպաքանակով, կ'ընդգրկէ Լիբանանի 21 սրբավայրերու մասին օգտակար տեղեկութիւններ: Նշելի է, թէ Զմմառու վանքը այս 21 սրբավայրերու 4-րդ տեղը կը գրաւէ, իր հնութեան կարեւորութեամբ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ