Կիրակի, 1 Ապրիլ 2012 - Գ. Հարպոյեանի փոքրահասակ աղջիկները՝ պարի ախոյեան


Զալքա

Տարեկան դրութեամբ տեղի ունեցող Լիբանանի Միջ-դպրոցական Ֆոլքլորի Պարի մրցանքը ի մի կը բերէ Լիբանանի տարածքին գտնուող զանազան վարժարաններու պարախումբեր՝ տարիքային տարբեր դասակարգերու եւ սեռային խումբերու պատկանող, որոնք իրար դէմ կը մրցին շահելու լաւագոյն պարախումբի տիտղոսը:
Արդ, այս տարի եւս, շաբաթ, 31 մարտ 2012-ին, Այն Սաատէյի «Մոն Լա Սալ» դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ սոյն մրցաշարքի առաջին փուլը, որուն, այլ հայկական եւ արաբական վարժարաններու շարքին, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի փոքր աղջիկներու պարախումբը, ղեկավարութեամբ՝ պարուսոյց Օրդ. Մարիժան Ատուրեանի:
Մրցումները տեղի ունեցան շատ խանդավառ եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ. հայկական երեք վարժարաններ տարբեր դասակարգերու մէջ գրաւեցին առաջնական դիրքեր, որոնցմէ էր նաեւ մեր վարժարանը՝ շահելով փոքրահասակ աղջիկներու դասակարգի առաջնութիւնը, այսպիսով անցնելով 2-րդ եւ աւարտական փուլ, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամիսներուն, «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի սրահին  մէջ:
Կը շնորհաւորենք մեր փոքր աղջիկներու պարախումբը, պարուսոյցը եւ իրենց կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ՝ փայլուն ելոյթներով եւ պատուաբեր արդիւնքներով բարձր պահելու Գէորգ Հարպոյեան Վարժարանի անունը:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ