Չորեքշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2012 - Հարպոյեան վարժարանին մասին ծաւալուն յօդուած` “Կրթութիւն” շաբաթաթերթին մէջ

 

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան “Կրթութիւն” շաբաթաթերթի 36-37 համարին մէջ (05.09.2012) լոյս տեսաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի «Թռիչք» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վարդան Թաշճեանի յօդուածը,  նուիրուած վարժարանին` անոր հիմնադրութեան 25 ամեակին առիթով:

Ամբողջ մէկ մէջ ծաւալի վրայ տարածուած յօդուածին մէջ. Վ. Թաշճեան կը ներկայացնէ վարժարանի անցած կրթական ուղին, անոր հիմնադրութեան պայմանները, վարժարանի նկարագիրը` իբրեւ լիբանանահայ եւ կաթողիկէ կրթութեան ու դաստիարակութեան հաստատութիւն, անոր ձեռքբերումներն ու ներդրումը` լիբանանահայ համայնքային կեանքին:

Յօդուածը իր տեսակին մէջ առաջինն է իբրեւ «Կրթութիւն» շաբաթաթաթերթի «Սփիւռք» բաժնի նիւթ: Յօդուածին կ'ընկերանան նկարներ` Հարպոյեանի դպրոցական առօրեայէն:

Յայտնենք, որ «Կրթութիւն» շաբաթաթաթերթը պաշտօնական հրատարակութիւններէն մէկն է Հայաստանի կրթական նախարարութեան: Անիկա լոյս կը տեսնէ տպագիր (3500 օրինակ) եւ ելեկտրոնային տարբերակներով:

Յօդուածը տեղադրուած է Հայաստանի կրթական նախարարութեան կայքէջին վրայ (www.edu.com), ուղղակի կապն է` http://armedu.am/arm/files/material_files/krtutiun%2036-37-2012.pdf (էջ 12)


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ