Չորեքշաբթի, 23 Յունուար 2013 - Հարցազրոյց՝ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ

Պէյրութ

Եկեղեցիներու Միութեան համար աղօթքի շաբթուան առթիւ, լիբանանեան «Թէլէլիւմիէր» հեռուստակայանի թղթակիցը՝ Լիա Մաամար հարցազրոյց մը ունեցաւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքին հետ:

Միութեան շաբթուան ընթացքին հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առած քայլերուն եւ այլ համայնքներու հետ աղօթքներուն մասին պատասխանեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտնելով թէ Լիբանանի մէջ կը մասնակցինք միութեան շաբթուայ բոլոր աղօթքներուն. ամէն օր աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած որպէսզի միութիւնը հաստատուի, ինչպէս որ Յիսուս խնդրած էր իր Հօրմէն: «Թող ամէնքը մէկ ըլլան, Հայր, ինչպէս որ ես քու մէջդ եմ եւ դուն իմ մէջս, թող անոնք ալ մեր մէջ ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ որ դուն ղրկեցիր զիս»։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պատասխանելով Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան մասին, զայն բաժնեց երկու մասերու:
Առաջինը՝ «առօրեայ երկխօսութիւնը», ամէն օր քրիստոնեաները կ'ապրին զայն եւ ազդու է։
Իսկ երկրորդը՝ «Աստուածաբանական Երկխօսութիւնը», որ Տիեզերական Եկեղեցին կը կատարէ Վատիկանի մէջ, ուղղափառ Եկեղեցւոյ եւ աւետարանականներուն հետ։ Հայ եկեղեցին գործօն մասնակցութիւն ունի սոյն երկխօսութեան հաւաքներուն...
Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը խօսեցաւ նաեւ հայ կղերին եւ անոնց գործունէութեան մասին զանազան մարզերու մէջ... թուելով զանազան յանձնախումբերը, հայող՝ դաստիարակութեան, ընտանիքի, երիտասարդներու, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ համամիութենական նիւթերուն...
Մեր վարժարաններուն մէջ եւս աղօքներ կը բարձրացնենք, որպէսզի Տէրը անսայ անմեղ մանուկներուն եւ ընդառաջէ անոնց կոչին, ըսաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, անդրադարնալով երիտասարդներուն եւ անոնց դերին Եկեղեցւոյ ու ընկերութեան մէջ: Անոնք եկեղեցւոյ ապագան են. ասոր համար մեծ կարեւորութիւն կը տրուի անոնց դաստիարակութեան համար։
Կարեւոր է նաեւ աշխարհականներու դերը Եկեղեցւոյ մէջ, ըսաւ ան, կարեւոր է կղերին «համագործակցութիւնը» աշխարհականներուն հետ։
Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը խօսեցաւ մշակութային զանազան ձեռնարկներու մասին, ինչպէս՝ հայ տպագրութեան 500 ամեակի նշումը, շեշտը դնելով Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Զմմառու վանք այցելութեան ընթացքին Յակոբ Մեղապարտի՝ յուշակոթողին բացման վրայ: Այս պատմական դէպքը մեծ պարգեւ է հայ ժողովուրդին... Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ նաեւ Զմմառու բազմադարեան վանքի մշակութային արժէքին, յիշելով նաեւ Հայաստանի նախագահին այցը Զմմառու վանք, անցեալ նոյեմբերին։

Հուսկ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց Թէլէլիւմիէր հեռուստակայանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին անոնց յոյժ կարեւոր աշխատանքին համար։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=657548


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ