Երկուշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2007 - 120 Նախկին Շրջանաւարտներ Մեսրոպեանի Յարկին Տակ

 

Լիբանան

 
Չորեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2007ի երեկոյեան ժամը, 8:00ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի «Յովհաննէս Ֆարաճեան» լսարանէն ներս հաւաքուած էին աւելի քան 120 նախկին մեսրոպեանցի շրջանաւարտներ՝ 2001-2007 տարիներու հունձքերը: Անոնցմէ շատեր արդէն իսկ կայացած մասնագէտներ էին իրենց ընտրած բնագաւառներուն մէջ: Հաճելի այս հանդիպումին ընդառաջած նախկին շրջանաւարտները դիմաւորեց վարժարանի ներկայիս տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ, որ ողջոյնի խօսքէն ետք ներկաներուն բացատրեց նպատակը այս հանդիպումին: Երկար բացակայութենէն յետոյ սպասուած այս հանդիպումը կրկին քով-քովի բերաւ նախկին դասընկեր-դասընկերուհիները, որոնք չափազանց ուրախ էին եւ յուզուած:

Վարժարանի տնօրէնը ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց, ընդառաջելու համար այս հանդիպման գաղափարին, որմէ յետոյ ծանօթացումի կարգով երկար խօսեցաւ մինչ օրս վարժարանէն
 
ներս իրականացած ծրագիրներուն մասին, ինչպէս ճաշարանի, ցուցասրահի, գիտաշխատանոց տարրալուծարանի, համակարգչային արդի սրահի, զոյգ գրադարաններու, երկրորդականի զբօսավայրի, նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի նոր խաղավայրերուն, նոր լսարանի, ինչպէս նաեւ վարժարանի բակին մէջ նորաբաց Ս. Մեսրոպի յուշակոթողի շինարարական աւարտուած ծրագիրներուն մասին: Նաեւ Պր. Գալուստ խօսեցաւ վարժարանի կայքէջին մասին, մանրամասներ փոխանցելով անոր աշխատանքներուն վերաբերեալ: Յատկապէս Պր. Կրէկուար Գալուստ ներկաներուն յայտնեց, որ շուտով կայքէջը պիտի ունենայ տեսաերիզներու բաժին, ուր բոլորը կրնան նաեւ վարժարանի մասին պատմող տեսանիւթեր դիտել: Նորութիւններու շարքին չմոռցուեցան նաեւ վարժարանի հեռաձայնային կեդրոնացուած նոր համակարգը եւ պաշտօնէութեան տարազները: Տնօրէնը ներկաներուն նաեւ մեծ ուրախութեամբ յայտնեց, որ վարժարանը այս տարի դարձած է սեփականատէրը նոր 7 շարժակառքերու:

Խօսելով ապագայի ծրագիրներուն շուրջ, պարոն տնօրէնը ըսաւ, որ շուտով աւարտին կը հասնի նախակրթարանի գրադարանի շինարարութիւնն ու արդիական կահաւորումը: Բոլորին հետաքրքեց այն նորութիւնը, որ վարժարանը շուտով պիտի բանայ յատուկ մանուկներու վարսայարդարման մեծ սրահ, որպէս շահութաբեր հաստատութիւն, որ իր դռները պիտի բանայ բոլորին համար: Ապագայի նորութիւններուն շարքին կարեւորութեամբ խօսուեցաւ մանկապարտէզի եւ մանկամսուրի շէնքերուն մասին, որոնք մօտ ապագային պիտի բարձրացուին քանի մը յարկերով, նկատի ունենալով, որ աշակերտութեան թիւը տարուէ տարի կÿաւելնայ: Ինչպէս նաեւ կը ծրագրուի շատ շուտով վարժարանի մասնաշէնքները կապող միջանցքները ապակեպատել՝ պաշտպանելու համար քամիներէն ու անձրեւներէն:

Իր խօսքին մէջ պարոն տնօրէնը ներկաներուն փոխանցեց աշակերտութեան թիւին  հետ կապուած նորութիւններ (827 աշակերտ), ինչպէս արդէն իսկ բացուած զոյգ պրէօվէ եւ զոյգ 10րդ դասարանները: Վարժարանը ամէն տարի աշակերտ կը ղրկէ Հայաստան եւ այս տարուընէ սկսեալ նաեւ Աւստրիա, առ ի գնահատանք անոնց արձանագրած ուսումնական բարձր արդիւնքներուն:
Պր. Կրէկուար Գալուստ նաեւ տեղեկացուց, որ տարրալուծարանի համար վարժարանը ունի արդէն յատուկ պատասխանատու պաշտօնեայ: Ան փոխանցեց շատ կարեւոր նորութիւն մը եւս. նկատի ունենալով, որ դպրոցական պայուսակները չափէն աւելի ծանր են ու առողջապահական տեսանկիւնէն կրնան վնասել մեր աշակերտներուն առողջութեանը, վարժարանը անմիջապէս որոշում կայացուցած է եւ արդէն իսկ առաջին դասարանը օժտուած է յատուկ պահարաններով:
Հանդիպման յաջորդ փուլին տնօրէնը ներկաներուն եւ դպրոցի միջեւ հաստատուած այս կապը պահելու նպատակով բոլոր ներկաներէն հաւաքեց անոնց ելեքթրոնային նամակներու հասցէները, ինչպէս նաեւ բոլորը լրացուցին իրենց տուեալները պարունակող յատուկ հարցաթերթիկներ: Ներկաները իմացան, որ Մեսրոպեանի Նախկին Սաներու Միութիւնը շատ շուտով պիտի կազմէ իր նոր վարչութիւնը, եւ բոլոր անոնք ովքեր կը փափաքին մաս կազմել վարչութեան կրնան կապ պահել Միութեան հետ:
Ժողովէն յետոյ բոլորը շրջագայեցան վարժարանին մէջ, աւելի մօտէն տեսնելով այն բոլոր նորութիւնները, որոնց մասին խօսեցաւ պարոն տնօրէնը: Հանդիպման աւարտին բոլորը յիշատակի համար լուսանկարուեցան նորաբաց Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին առջեւ, վարժարանի տնօրէնէն խոստում առնելով որ նմանատիպ հանդիպումներ դեռ կÿունենան, եւ որ յաջորդ հանդիպումը շատ պիտի չուշանայ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ