Երկուշաբթի, 11 Մարտ 2013 - Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղարի շնորհակալական նամակը Հոգեւոր Տիրոջ

Վատիկան

Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար՝ կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ շնորհակալական նամակ մը յղած է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, առ ի պատասխան Հոգեւոր Տիրոջ յղած գոհաբանական նամակին Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր սրբազան քահանայապետին հրաժարման առթիւ։

Նամակին մէջ, կարդինալ Պերթոնէ Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր սրբազան քահանայապետին անունով կ'ողջունէ հայ կաթողիկէ Եկեղեցին, յայտնելով սրբազան հօր խորին ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը Հոգեւոր Տիրոջ յայտնաբերած ջերմ եւ անկեղծ բարեմաղթութիւններուն եւ զգացումներուն համար։ Ան կը յիշեցնէ, թէ Սրբազան հայրը կը հրաւիրէ աղօթելու իր յաջորդին եւ ընդհանրական Եկեղեցւոյ համար եւ կը փոխանցէ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի յատուկ առաքելական օրհնութիւնը հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բոլոր արքեպիսկոպոսներուն, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ աշխարհականներուն։ 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ