ԵԳԻՊՏՈՍ

ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ

Պատմական առաջին տուեալներուն համաձայն, ԺԸ. դարու կէսին՝ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը հաշուած է քառասուն ընտանիք, միայն մայրաքաղաքին մէջ:

1914 թ. տուեալներով՝ Գահիրէ գտնուած են 300 ընտանիք, իսկ Աղեքսանդրիա՝ 120 ընտանիք:

1915-1935 քսանամեակին՝ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ գտնուած են երկու հազարէ աւելի հայ կաթողիկէ անդամներ, Մեծ Եղեռնէն եւ յաջորդական կոտորածներէն ճողոպրած նոր գաղթականներու հետեւանքով:

Ներկայիս՝ վերջին տուեալներով, հայ կաթողիկէ համայնքին անդամները կը հաշուեն, Գահիրէ՝ 146 ընտանիք, Հելիոպոլիս՝ 195, Աղեքսանդրիա՝ 75, գաւառներու մէջ՝ Թանթա, Զիֆթա, Մանսուրա, 10. իսկ Սուտան՝ Խարթում եւ շրջակայքը՝ 70:


ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԴԷՄՔԵՐ

Եկեղեցական եւ հասարակական կեանքի մէջ՝ բազմաթիւ նուիրեալներու կարգին, իրենց վաստակով մասնաւոր յիշատակութեան արժանացած են՝ Պօղոս Վրդ. Սապպաղեանը, որ արժանավայել կերպով բազմած է Պոլսոյ պատրիարքական գահին վրայ: Երեք ժողովրդապետներ՝ Ալոզիոս Վրդ. Պաթանեան, Յովհաննէս Վրդ. Գասպարեան եւ Ներսէս Վրդ. Թարմունի հասած են նուիրապետական՝ կաթողիկոսութեան բարձրագոյն աստիճանի:

Ուրիշ վաստակաշատ ժողովրդապետ մըն ալ եղաւ Արհի. Երանելի Տ. Իգնատիոս Արք. Մալոյեան:

Հովուական առաքելութեան առընթեր, մտաւորական արժանիքներ ցուցաբերած է Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեան, բեղուն գրիչի տէր եկեղեցականը:

Ֆրանսերէն լեզուով պատմական կարեւոր հետազօտութիւն մը կատարած է Պօղոս Վրդ. ՇիրիքՃեան:

Գրական արժանիքներով օժտուած եկեղեցական մը եղած է Խաչիկ Վրդ. Աթանասեան:

Գրիգոր Վրդ. Կէրկէրեան՝ անխոնջ հետազօտող մը եղաւ, յայտնաբերելու համար Մեծ Եղեռնի վերաբերող վաւերագրերու բնագիրները:

Յովսէփ Վրդ. Սապ եղաւ երկար ժամանակ Հ.Կ. Պատրիարքարանի նախադատ Ատեանի նախագահ:


ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԿԱՐԿԱՌՈՒՆ ԴԷՄՔԵՐ

Պետական բարձր պաշտօններուն հասած են՝ Չրաքեան ընտանիքի անդամներէն՝ Արթին, Խոսրով եւ Եուսէֆ պէյերը, Եագուպ Արթին փաշան: Հէքէքեան ընտանիքէն՝ Եուսէֆ պէյը եւ Թիթօ փաշան:

Արաբական գրականութեան մէջ անունի գրող եւ հրապարագիր Ատիպ Իսհաքը, լրագրող Օննիկ Փիլիպպոսեանը. շերամաբան Բիւզանդ Մասրաֆը:

Ֆէրահեաններէն՝ Յակոբ եւ Կրեկուար Պէյերը:

Մաթոսեաններէն՝ Կարապետ պէյը եւ ժոզէֆ:

Ճարտարապետական կառոյցներով անուանի Լեւոն Նաֆիլեանը:


ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՐԱՏԱՐԱԿԱԾ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆՆԵՐԸ

  • «Bulletin Mensuel de L’Eglise Arménienne Catholique Sainte Thérèse de l’Enfant Jésus» 1934-1939.
  • «La Vie Paroissiale»
  • «Bulletin Diocésain»
  • «Սրահի Կեանքը» ամսաթերթը՝ 1973
  • «Կապ»-ը՝ որուն առաջին տասը թիւերը լոյս տեսած են միայն:

ԿՐԹԱԿԱՆ-ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Եգիպտոսի Հայ Կաղողիկէ համայնքին կրթական- դաստիարակչական գործունէութիւնը սկսած է 1849-1855 թուականներուն:

  • Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Վարժարանը
  • «Հայր Ալիշան» Հայ Կաթողիկէ երիտասարդաց միութիւնը
  • «Մխիթարեան Վարժարան »


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ