Շաբաթ, 31 Մարտ 2007 - Հայրապետական Կոնդակ

Դիւան թիւ 73/2007

Հայրապետական Կոնդակ 

ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾԱՌԱՅ
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՄԲՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

Ողջոյն Եւ Աստուածաւանդ Օրհնութիւն
Առ
Սիրեցեալ Որդին Մեր
Տիար Յարութ Սասունեան
 

ՅարԳարժան Տիար Յարութ Սասունեան

Հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար Մեր Հայ Կաթողիկէ Համայնքին  գնահատանքն ու երախտագիտական զգացումները արտայայտող այս Հայրապետական Կոնդակով կ’ողջունենք ձեզ հայրական սիրով եւ հայրապետական օրհնութեամբ :

 Այս գնահատանքին ու զգացումներուն դուք ձեզ արժանի դարձուցիք ձեր երեսնամեայ անվրէպ ծառայութեամբ ու նուիրումով Ազգին ու Հայրենիքին, եւ հետեւաբար՝ Հայ Եկեղեցւոյ, որովհետեւ Լուսաւորչեան Հաւատքն ու Հայ Եկեղեցին անոնց անբաժան ուղեկիցն ու բախտակիցը եղած են դարերու ընթացքին:

 Աստուածատուր շնորհները որոնցմով օժտուած էք՝ ծառայեցուցիք Հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան բոլոր մարզերէն ներս: Այդ շնորհները դրիք  ի սպաս Հայ Դատին, Հայութեան անժամանցելի իրաւունքներու պահանջատիրութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին, Հայաստանի եւ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի բարգաւաճութեան ու բարօրութեան:

 Իբրեւ հասարակական գործիչ եւ հրապարագիր, քաղաքական վերլուծաբան, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ պատասխանատու խմբագիր, ձեր ծաւալած ազգային եւ քաղաքական գործունէութեան առանցքը հայանպաստ քարոզչութիւնը եղաւ ամէն տեղ եւ ամէն առիթով, բայց մասնաւորաբար ամերիկեան հանրային կարծիքին մօտ:

 Իբրեւ Միացեալ Հայկական ֆոնտի հիմնադիր ու նախագահ եւ «Լինսի» Հիմնարկութեան փոխ-նախագահ՝ յղացաք, ծրագրեցիք, կազմակերպեցիք եւ գործադրութեան դրիք վերանկախացած Հայրենիքի զարգացման եւ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար նշանակալից օգնութիւններ, վայելելով Պր. Քըրք Գրիգորեանին նման մեծանձն հայորդիի մը վստահութիւնն ու նիւթական աջակցութիւնը:

 Հաւատացիք սփիւռքահայ ազգային, քաղաքական, մշակութային եւ կրթական կեանքին մէջ Լիբանանահայութեան դերակատարութեան կարեւորութեան: Ձեր այս գիտակցութիւնը մղեց ձեզ պատմականօրէն յիշարժան նախաձեռնութեամբ մը օգնել լիբանանահայ վարժարաններու անխափան գոյերթին:  

 Ձեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ ձեր ցուցաբերած հարազատ ու զտարիւն Հայու արժանիքներով եւ զգացումներով, իբրեւ Հայութեան գոյութեան ու գոյատեւումին երաշխիք մեր ազգային, մշակութային ու աւանդական արժէքներու պահպանումին ծառայող ձեր գործունէութեամբ, ազգային ընդհանրական շահերուն եւ համազգային միասնականութեան նկատառումով առաջնորդուելու ձեր նախանձախնդրութեամբ, դուք դարձաք գնահատանքի ու յարգանքի արժանի հանրայայտ անուն մը Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայաշատ գաղութներուն մէջ:

 Այս իրողութիւնը պսակելու համար եւ ձեր յառաջիկայ հայանուէր աշխատանքներուն իբրեւ զօրակցութեան արտայայտութիւն ձեզի կը շնորհենք
                    
ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻ ՇՔԱՆՇԱՆԸ

Այս Պատրիարքական Պարգեւին կը միացնենք մեր աղօթքը առ Աստուած, որպէսզի Իր հովանին ու շնորհները անպակաս ընէ ձեր վրայէն, ձեզի քաջառողջութիւն պարգեւէ եւ յաջողութեամբ պսակէ ձեր քրիստոնէավայել, ազգանուէր ու հայրենանուէր աշխատանքները:
      
   Հայրական օրհնութեամբ՝
      

 Ներսէս Պետրոս ժԹ.
 Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց

 

Տուեալ Կաթողիկոսական Աթոռոյն ի Զմմառ
յառաջնոյ աւուր ամսեանն Ապրիլի յամի Տեառն 2007
յութերորդում ամի Հայրապետական Մերոյ
ի Տօնի Ծաղկազարդի

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ