Չորեքշաբթի, 30 Յուլիս 2014 - Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը եւ Խաղողօրհնէք

Զմմառ

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման եւ Զմմառու վանքի անուանակոչութեան տօներուն առիթով, 12/13/14 Օգոստոսին՝ Զմմառու պատմական վանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ երրօրեայ հոգեւոր կրթութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն միաբան հայրեր, եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ, գլխաւորութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց:

Շաբաթ 16 Օգոստոս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին,Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման նախատօնակին՝ տեղի պիտի ունենան հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ եւ խաղողօրհնէք, որոնց պիտի յաջորդէ հրավառութիւն վանքի զբօսավայրին մէջ:

Կիրակի 17 Օգոստոս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայրապետական Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ խաղողօրհնէք պիտի կատարէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց:
Բոլոր ուխտաւորներուն համար փոխադրամիջոցները ապահովուած են: Առ այս՝ դիմել Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետներուն:

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ