Երկուշաբթի, 25 Օգոստոս 2014 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Ժամանակին Մէջ` Սլացքով Յաւերժութեան…


Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր կը տօնենք Մարիամ Աստուածամօր վերափոխումը, որ մեր Սուրբ եկեղեցիին հինգ տաղաւարներէն, այսինքն աւագ-մեծագոյն տօներէն մին է:

Գիտնալու ես, որ Աստուածածնին հրաշափառ վերափոխումը մեր կրօնին աստուածային ճշմարտութիւններէն մին է, «տոկմա»-ն, այսինքն յայտնեալ եւ անյետսկոչելի վարդապետութիւնն է մեր քրիստոնէական հաւատքին:

Այս ճշմարտութիւնը կը բովանդակէ յաջորդ երեք խորհուրդները, որոնք կը սկսին իրենց պատմական ընթացքով` աւարտելու համար երկնապատկան տուեալներով: Ինչպէս որ ժամանակը կը ծորի յաւիտենականութեան մէջ եւ միայն այսպէս կը դառնայ անոր մէկ տարրը, նոյնպէս պատմութիւնը, որ կը յանգի աստուածայինին, կը զգենու տարազը յաւերժութեան:

Առաջին, Մարիամ` Տիրամարը, վախճանեցաւ ու թաղուեցաւ, ինչպէս անոր Որդին` Յիսուս մեռաւ եւ գերեզմանուեցաւ:

Մենք ալ պիտի մեռնինք ու թաղուինք: Անբեկանելի եւ անյետսկոչելի իրողութիւնն է այս: Ուստի չվախնա՛նք մահէն, այլ հրճուի՛նք, քանի նմանատիպ պիտի ըլլանք Աստուածամօր եւ Աստուածամարդուն:

Երկրորդ, Մարիամ` Կուսամայրը, իր թաղումէն ետք վերափոխուեցաւ արքայութիւն, այսինքն հոգիո՛վ ու մարմնո՛վ տարուեցաւ երկրէն երկինք, ինչպէս Որդին` Քրիստոս յարութիւն առաւ հոգիո՛վ եւ մարմնո՛վ, ապա համբարձաւ երկրէն երկինք:

Մենք ալ, եթէ վախճանած ենք «Աստուծոյ շնորհքին», այսինքն` Տիրոջ բարեկամութեան մէջ, արժանի պիտի ըլլանք հոգիո՛վ եւ մարմնո՛վ յառնելու, համբառնալու եւ վերափոխուելու Կուսամօր ու կուսածին Քրիստոսի հետ:

Երրորդ, Մարիամ` Անարատ Յղացեալը, երէկ, այսօր եւ աշխարհի կատարածէն անդին մինչեւ յաւերժութիւնը` Ամենասուրբ Երրորդութեան փառքով օժտուած Թագուհին է երկնքին եւ երկրին` իր Որդիին անմահութեան մէջ, որ բազմած է Հօր աջակողմը:

Մենք ալ` Աստուծոյ շնորհքին ու Տիրոջ բարեկամութեան մէջ լուսաւորեալ հոգիո՛վ եւ մարմնո՛վ օժտուածներս, Աստուածային Երեք Անձերէն պիտի ընդունուինք անոնց երկնային յարկին մէջ, որուն ընտանիքին Մայրն է Մարիամ:

Վերափոխման ճշմարտութեան բովանդակութեան դիմաց հաստատելու ենք, թէ Մարիամ ընդունեց, ինչ որ միայն Աստուած կրնայ տալ, ինչպէս նաեւ Տիրոջ խոստումները իրենց լրումին հասան Մարիամի համար, եւ այն` բոլոր ակնկալութիւններէն անդին ու ինչպէս միշտ` բոլոր սպասումներէն վեր:

Վերափոխման ճշմարտութեան բովանդակութեան դիմաց հաստատելու ենք, թէ Յիսուս բացարձակ իրաւունքով էր իր հարազատ Մայրն ունենալու հետն ու քովը ճիշդ այնպէս, ինչպէս Ինքն իր Հօր հետը եւ քովն է` փառաւորեալ հոգիո՛վ ու մարմնո՛վ:

Վերափոխման ճշմարտութեան բովանդակութեան դիմաց հաստատելու ենք, թէ Քրիստոս, որդիական պարզութեամբ եւ աներկբայութեամբ, իր անզուգական Մայրը ուզեց տեսնել իր կողքին, հոգիո՛վ ու մարմնո՛վ, իր փառքին եւ անմահութեան մէջ:

Վերափոխման ճշմարտութեան բովանդակութեան դիմաց հաստատելու ենք, թէ   իրականացած է այս սուրբգրային խօսքը. «Ամբողջովին գեղեցիկ ես, մերձաւոր իմ, եւ քու մէջդ արատ չկայ: Գա՛ս եւ անցընե՛ս հաւատքի գլուխիդ թագը գեղեցկութեան, սիրելիութեան, փառաւորութեան ու յաւերժութեան  (Ե. Ե. 4, 7, 8) :

Աստուածաշունչին ու Սուրբ Աւանդութեան «հաւատքի հասարակաց ինչքն» ըլլալով հանդերձ, Մարիամի վերափոխումը տրամաբանական հետեւանքն է անոր կոչումին եւ կեանքին այս աշխարհին մէջ:

Մարիամի աստուածամայրութիւնը լման ներդաշնակութիւնն ունի անոր վերափոխման հետ, ինչպէս Մարիամի անարատ յղութիւնը, մշտական կուսութիւնը: Այսինքն, եթէ Մարիամ չըլլար աստուածամայրը, ինքնաբերաբար պիտի չըլլար նաեւ անարատ յղացեալ, շնորհալից, մշտական կոյս, վերափոխուած Ընտրեալը եւ պսադրուած Դշխոն:

Մարիամի Փրչակցութիւնն ալ լման ներդաշնակութիւնն ունի անոր վերափոխման հետ, ինչպէս` Մարիամի միջնորդութիւնը, բարեխօսութիւնն ու փաստաբանութիւնը: Այսինքն` եթէ Մարիամ չըլլար Փրկչակիցը, ինքնաբերաբար պիտի չըլլար նաեւ միջնորդ, բարեխօս ու փաստաբան Մայրը մարդերուն:

Մեր սուրբերուն, հայրապետներուն եւ մատենագիրներուն հետ մենք կը հարցնենք, թէ ինչպէ՞ս կրնար գերեզմանին փտութեան ենթարկուիլ այն մարմինը, որուն մէջ Աստուածային «Բանը մարմնացաւ»…

Կամ` այն մարմինը, որ ազատագրուած էր մեղքին իշխանութենէն… Կամ` այն մարմինը, որ ամբողջովին եւ միայն կը պատկանի Մարիամի կուսական յղութեամբ ու ծննդաբերութեամբ լոյս աշխարհ եկած Աստուածամարդուն եւ անոր առաքելութեան…:

Մեր սուրբերուն, հայրապետներուն եւ մատենագիրներուն հետ այս հարցումներն ընողներս կը հաւատանք անոնց սրտով ու մտքով, ինչպէս ալ մեր տրամաբանութեամբ, թէ Մարիամ` անարատ յղացեալը, աստուածամայրը եւ մշտական Կոյսն իր հոգիո՛վ ու մարմնո՛վ վերափոխուեցաւ երկինք:

Մեր ամենաժողովրդական սուրբերէն մին է Ներսէս Շնորհալի, որուն «Փոխման Աստուածածնի» տաղէն այս երկու քառեակները կ’ընդունինք ու կը խնդակցինք:

«Անմարմնականքըն վայր իջեալ, Զգերեզմանաւն պար առեալ, Ծագմամբ լուսոյ երգել երգ նոր` Զերիս աւուրս ոչ լռելով: Նոքին զմարմինն սուրբ առեալ, Հրեղէն կառօք վեր համբարձեալ Ի լուսաճեմ ղորանս վերին, Յեղանակաց անմըտելին»:

Այս հաւատքը կ՛ըսէ մեզի, որ թէպէտ վերափոխումը առանձնաշնորհումն է` Աստուծմէ տրուած միայն Մարիամին, բայց եւ այնպէս այս մենաշնորհը չի բաժներ մեզմէ Մարիամը, այլ բոլորովին գործակցելով Որդիին` Մարիամ Սիրամայրը թէ՛ կը վերանորոգէ «մեր հոգիներուն մէջ գերբնական կեանքը» եւ թէ՛ կը դառնայ ստոյգ երաշխիքը մեր հոգեկան ու մարմնական վերափոխումին Տիրոջ արքայութեան մէջ:

Աղօթքս եւ մաղթանքս է, որ դուն, ան եւ ես` մենք ըլլանք եկեղեցիին եւ մեր սուրբերուն հետ` դաւանելով Տիրամօր փոխումը եւ այսպէս արժանանանք մեր Մօր տեսութեան երկնքին մէջ:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 17 Օգոստոս 2014


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ