Ուրբաթ, 19 Օգոստոս 2011 - Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին բարի գալուստի արարողութիւնը Մատրիտ


Մատրիտ

Երիտասարդութեան համաշխարհային 26-րդ օրուան առթիւ, հինգշաբթի 18 օգոստոս 2011-ի կէսօրին, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը ժամանեց Սպանիոյ մայրաքաղաք՝ Մատրիտ, ուր բարի գալուստի համար յատուկ արարողութեամբ զինք դիմաւորեցին Սպանիոյ թագաւորական ընտանիքը, երկրի իշխանութիւնները ու դիւանագիտական մարմինը։
Սրբազան քահանայապետը իր արտասանած ճառին մէջ իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց արքային, ներկաներուն ու բոլոր անոնց որոնք ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսիլի միջոցաւ կը հետեւին անոր, նոյնպէս յիշեց նախապէս կատարած այցելութիւնները Սպանիա եւ մասնաւորապէս վերջերս կատարած ուխտագնացութիւնը Սանդիակօ տէ Գամբոսդելլա եւ Պարսելոնա։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց որոնք (եկեղեցական թէ աշխարհական) նպաստեցին, որ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը լաւագոյնս կատարուի։ Նոյնպէս օրհնեց բոլոր այն ընտանիքները, որոնք իրենց դռները բացին հիւրընկալելու 194 երկիրներէն եկած երիտասարդները։
Ձեր մէջ կը գտնուիմ, ըսաւ Բենեդիկտոս ԺԶ., հանդիպում ունենալու աշխարհի բիւրաւոր երիտասարդներու հետ, կաթողիկէներու ու Քրիստոսով հետաքրքրուողներու հետ եւ բոլոր անոնց հետ որոնք հետամուտ են ճշմարտութիւնը ճանչնալու։
Եղբայրներ ու քոյրեր, բացագանչեց սրբազան պապը, ձեր մէջ կը գտնուիմ աւետելու որ Յիսուս Քրիստոս ճանապարհ, ճշմարտութիւն ու կեանք է, քաջալերելու ձեզ յանձնառումով սատարելու Աստուծոյ արքայութեան կառուցումին աշխարհի մէջ եւ խթանելու երիտասարդները անձնական հանդիպում ունենալու Քրիստոսի հետ, բարեկամութիւն մշակելու Անոր հետ եւ դառնալու Անոր արի վկաները։
Ապա սրբազան քահանայապետը հարց տուաւ թէ ի՞նչու երիտասարդները Մատրիտ համախմբուած են եւ ըսաւ. «Երիտասարդները Մատրիտ կը գտնուին միատեղ դնելու իրենց ձգտումները, ակնկալութիւնները, փոխանակելու իրենց մշակութային հարստութիւնը ու իրար զիրար ոգեւորելու հաւատքին մէջ։ Անոնք առանձին չեն։ Անոնք կ'աշխատին գիտակցութեամբ ու քաջութեամբ դիմագրաւել կեանքի դժուարութիւնները։
Սրբազան քահանայապետը իր խօսքը ուղղելով Սպանիոյ թագաւորին ըսաւ. «Կ'ուզեմ յայտնել իմ գնահատանքը ու մօտիկութիւնը Սպանիայի ժողովուրդին, միաժամանակ կը յայտնեմ իմ հիացումս երկրի մը, որ հարուստ է իր պատմութեամբ, մշակոյթով ու իր հաւատքի կենսունակութեամբ, տալով դարերու հոլովոյթին մեծ սուրբեր ու սրբուհիներ, բազմաթիւ այրեր ու կիներ, իրենց հայրենիքը թողուցին Աւետարանը քարոզելու աշխարհի չորս ծագերուն։

Յիշենք, որ Մատրիտի Երիտասարդութեան համաշխարհային 26-րդ օրուան հանդիսութիւններուն արձանագրուեցան հետեւեալ թիւերը`
- Աւելի քան 7 թոն վարդարաններ բաշխուած են երիտասարդութեան օրուան մասնակցողներուն։ Այս վարդարանները շինուած են էկուատերեան գործարանի մը կողմէ տալով աշխատանք 150 ընտանիքներու։
- 7.000 Եուգադ` Քրիստոնէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ երիտասարդներու համար յատուկէն պատրաստուած գիրքը։
- 200 խոստովանարաններ պատրաստուած նաւակի ձեւով ''Րեդիրօ'' կոչուած այգիին մէջ, որպէսզի հոն աւելի քան 2000 քահանաներ ապաշխարութեան խորհուրդը մատակարարեն։
- 8 միլիոն ճաշեր պիտի բաշխուին Մատրիտի զանազան ճաշարաններու մէջ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կէսօրուայ ճաշը կը բաժնէ 12 հաւատացեալի հետ։
Սրբազան Քահանայապետը 79 ժամ պիտի անցնէ Սպանիայի մայրաքաղաքին մէջ, 18-21 օգոստոս։
- Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան փակումին կը նախատեսուի մասնակցութիւնը աւելի քան մէկ միլիոն հաւատացեալի, իսկ բացման օրը կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Ռուոգօ պատարագած է աւելի քան 500,000 հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։
- 30,000 կամաւորներ իրենց ժամանակը տրամադրած են լաւագոյնս կազմակերպելու այս համաշխարհային դէպքը
- աւելի քան 14 հազար քահանաներ եւ 800 եպիսկոպոսներ Մատրիտ ժամանած են։
- Հուսկ ասիկա երկրորդ անգամն է որ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը կը կազմակերպուի Սպանիոյ մէջ, առաջին անգամ տեղի ունեցաւ Սան Ժագ տէ Գամբոսթելլօ սրբավայրը։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ