Չորեքշաբթի, 19 Մարտ 2008 - Քիարա Լուպիք կը Մահանայ 88 Տարեկանին

 

Հռոմ, Իտալիա

 
Ուրբաթ՝ 14 Մարտ 2008-ին Իտալիոյ մէջ, մահացաւ Քիարա Լուպիք, 88 տարեկանին : Ան հիմնադիրն է «Ֆօքոլարի» Հռոմի կաթողիկէ շարժումին որ կը գործէ այժմ՝ 182 երկիրներու մէջ:
Սրբազան Քահանայապետը այս առիթով ուղղարկած է ցաւակցագիր մը, ուր կը յիշէ Լուպիքի հաստատ եւ հաւատարիմ կեցուածքը եկեղեցւոյ հանդէպ, ինչպէս նաեւ անոր դրական դերը միջ-եկեղեցական երկխօսութեան և եղբայրասիրութեան քարոզչութեան առաքելութեան մէջ: Վատիկանի պետական քարտուղար՝  Կարդինալ Պերթոնէ, գլխաւորեց Լուպիքի թաղման արարողութիւնը:

Յիշենք որ Քիարա Լուպիք, նախապէս հիմնած է «Ֆօքոլարի» շարժումը, համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին: «Ֆօքոլարի» խմբաւորումը իր առաջին շրջանին կը հաւաքէ կամաւոր կիներ օգնելու կարիքաւորները. ապա ան կը զարգանայ ու անոր կը միանան տղամարդիկ, որոնց նպատակը կ՛ըլլայ գործակցիլ այլ կրօնական խմբաւորումներուն հետ: Ներկայիս, «Ֆօքոլարի»ին մաս կը կազմեն 140 հազար անդամներ և երկու միլիոն համակիրներ: 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ