Ուրբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2007 - Փակման Հաղորդագրութիւն Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի

 

Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը իր տարեկան ժողովը գումարեց 25 Սեպտեմբերէն 5 Հոկտեմբեր 2007, Զմմառու վանքի պատրիարքական դարաւոր Աթոռին մէջ՝ նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ մասնակցութեամբ Ամեն. Տէր Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Հոգեւոր Տիրոջ եւ Հայ կաթողիկէ թեմերու վիճակաւորներուն:
Սիւնհոդոսական հայրերը աչքէ անցընելէ ետք նախորդ Սիւնհոդոսի ընթացքին տրուած որոշումները, կատարեցին գնահատումը անոնց գործադրութեան: Ապա պատրիարքական յանձնախումբերու նախագահները ներկայացուցին իրենց կատարած աշխատանքներուն արդիւնքները եւ ուսումնասիրուեցան նիւթեր, որոնք կը հային մեր եկեղեցական կեանքին զանազան հարցերուն՝ վարչական, ծիսական, կանոնական, միութենական եւ այլ մարզերու մէջ:
Կատարուած ուսումնասիրութիւններուն եւ քննարկումներուն լոյսին տակ տրուեցան հետեւեալ որոշումները.
Ա.- Նոր երանելիներու դատին հետապնդումը: Եկեղեցական պատկան իշխանութիւնները այս մասին դրական եզրակացութիւններու յանգած են՝ անոնց նահատակութեան վաւերականութեան մասին տրուած պատմական ապացոյցներու ուսումնասիրութեամբ: Աշխատանքը յառաջ տանելու համար յանձնախումբի նոր նախագահ անուանուեցաւ Գերպծ. Հ. Միքայէլ Թ. Ծ. Վ. Մուրատեան:
Բ.- Քրիստոնէական դաստիարակութիւն: Արհի. Գրիգոր եպս. Կապրոյեան հաղորդեց, որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի մեծածաւալ հատորին արեւմտեան աշխարհաբարի ամբողջական թարգմանութիւնը աւարտած է եւ տպագրութեան յանձնուած: Ի մօտոյ կը յաջորդէ նոյն հատորին արեւելահայերէնի թարգմանութիւնը:
Գ.- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուամբ հրապարակի յորջորջում: Հաղորդուեցաւ, որ Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ խնդրագիրին վրայ, Վատիկանի պատկան գրասենեակը ընդունած է, որ հայազգի սուրբին արձանին դիմաց գտնուող հրապարակը յորջորջուի մեր հայրապետին անունով: Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ ի մօտոյ, հաւանաբար ի ներկայութեան սրբազան քահանայապետին: Թուականը շուտով պիտի որոշուի եւ ծանուցուի:
Դ.- Քահանայական կոչումներու օր: Որոշուեցաւ կատարել զայն համընթացաբար համաշխարհային կոչումներու օրուան հետ: Պատրիարքական յանձնախումբի նախագահ անուանուեցաւ Գերպծ. Հ. Միքայէլ Թ. Ծ. Վ. Մուրատեան:
Ե.- Մամուլի օր: Նմանապէս որոշուեցաւ կազմակերպել զայն միջազգային Մամուլի օրուան հետ:
Զ.- Համամիութենական յարաբերութիւններ: Պատրիարքական յանձնախումբի նախագահը Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, զեկուցեց, թէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ ոչ քաղկեդոնական եկեղեցիներուն միջեւ չորս տարիէ ի վեր գործող աստուածաբանական երկխօսութեան ծիրին մէջ, Հռոմի մէջ ժողով մը գումարուեցաւ այս տարուան Փետրուարին, եւ ուսումնասիրուեցան եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, ոչ քրիստոնեաներու փրկութեան հարցը եւ խառն ամուսնութիւնները: Արհի. Միրիաթեան արքեպիսկոպոս ներկայացուց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տեսակէտը այս վերջին նիւթին մասին: Յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի 2008ի Փետրուարին, Սուրիա, Զաքքա Ա. Ասորի Ուղղափառ պատրիարքին հիւրասիրութեամբ եւ նիւթ ունենալով «Ի՞նչ են այն հարցերը, որոնք մեզ կը միացնեն կամ կը բաժնեն»:
Է.- Հաղորդակցութեան միջոցներու յանձնախումբ: Կազմուեցաւ սոյն յանձնախումբը, որ պիտի ընդգրկէ բոլոր հաղորդամիջոցները, որոնք կրնան ծառայել եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը ծանօթացնելու հաւատացեալներուն, յատկապէս լսատեսողական եւ մամուլի միջոցները: Այս մարզին մէջ կը մտնեն, ի մէջ այլոց, «Աւետիք» պաշտօնաթերթը, Պատրիարքարանի կայքէջը, Վատիկանի ձայնասփիւռին եւ «Թելեփաքա» պատկերասփիւռի կայանի հայկական բաժինները:
Յանձնախումբին նախագահ եւ համադրող անուանուեցաւ Գերպծ. Հ. Ռափայէլ Թ. Ծ. Վ. Մինասեան:
Ը.- Չափահաս Նորընծաներու առաքում Հռոմի Լեւոնեան վարժարան: Յարմար սեպուեցաւ, որ նախքան իրենց առաքումը Հռոմի վարժարան, թեկնածուները նախապատրաստական շրջան մը անցընեն Զմմառու մեր ընծայարանին մէջ: Թեմակալ եպիսկոպոսները ծրագիրը պիտի համադրեն մեր զոյգ ընծայարաններու մեծաւորներուն հետ:
Թ.- Հայ կաթողիկէ կղերի համաժողով: Գնահատումը կատարուեցաւ կղերի վերանորոգումին նուիրուած սոյն համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ անցեալ 31 Յուլիսէն 2 Օ•ոստոս: Համաժողովի պատասխանատու՝ Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան, հակիրճ բայց ամբողջական պատկերը տուաւ կատարուած աշխատանքներուն՝ վեր հանելով անոնց դրական եւ թերի կողմերը, առ ի նկատողութիւն՝ գալիք համաժողովներուն: Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Հովուական թուղթ պիտի հրատարակէ այս նիւթին շուրջ:
Ժ.- Արեւելեան Եւրոպայի թեմին իրավիճակը: Քննարկուեցան զանազան կէտեր, որոնք կը հային սոյն առաջնորդութեան առաջադրանքներուն՝ անոր գործունէութեան աշխուժացումին համար: Առաջնորդը՝ Արհի. Նշան արք. Գարաքէհէեան, թուեց պահանջները կազմակերպչական եւ տնտեսական մարզերու մէջ, յատկապէս կղերին անբաւարար թիւը՝ գոհացնելու համար կաթողիկէ հաւատացեալներուն անյետաձգելի հոգեւոր կարիքները: Կոչ ուղղեց մեր թեմակալներուն՝ քաջալերելու մեր կղերը, որ յանձն առնէ յատկապէս գիւղերու հովուական առաքելութիւնը, որքան ալ դժուար պայմաններու մէջ ըլլայ ան: Դրուատեց ներկայիս գործող կղերականներուն եւ մայրապետներուն զոհաբերումը այս առաքելավայրին մէջ, որ մեր համայնքին հաւատացեալներուն երկու երրորդը կը կազմէ:
ԺԱ.- Գիւմրիի նոր եկեղեցւոյ կառուցումը: Առաջնորդ Արհի. Նշան արք. Գարաքէհէեան ներկայացուց ծրագիրը նոր եկեղեցւոյ մը կառուցումին, առաջնորդարանին կից հողամասին վրայ: Ան ըսաւ, թէ պատրաստ է յատակագիծը եւ ստացած է պատկան իշխանութիւններուն հաւանութիւնը: Կոչ ուղղուեցաւ, որ մեր բոլոր թեմերը իրենց աջակցութիւնը բերեն ծրագիրին իրագործումին համար:
ԺԲ.- Պատրիարքական Գ. համագումար: Որոշուեցաւ պատրաստել յաջորդ Պատրիարական համագումարը, 2009ին՝ նիւթ ունենալով «Ամուսնութիւն եւ ընտանիք»: Յանձնախումբին նախագահն է արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան:
ԺԳ.- Ծիսական հարցեր: Յանձնախումբի նախագահ Արհի. Մանուէլ եպս. Պաթագեան՝ ներկայացուց կատարուած աշխատանքները՝ ծիսական բարեփոխումներու վերաբերեալ: Անոնք կը հային յատկապէս սուրբ խորհուրդներու մատակարարման: Մկրտութիւն, պսակ եւ թաղման կարգ: Մանրամասն քննարկումէ ետք որոշում տրուեցաւ անյապաղ հրատարակել վերատեսուած մատեանները՝ երեք տարուան փորձի շրջանի մը համար: Նշուեցաւ նաեւ, որ Թիւ պատարագի խորհրդատետրը, աշխարհաբար թարգմանութեամբ, արդէն տպուած ու առաքուած է մեր բոլոր թեմերուն:
ԺԴ.- Թեմերու վիճակին քննարկումը: Սիւնհոդոսական հայրերը յատուկ կարեւորութեամբ ուսումնասիրեցին թեմերու իրավիճակը եւ յարմար սեպուած առնուելիք քայլերը, յատկապէս թափուր թեմերու վերաբերեալ:
Սիւնհոդոսի փակման նիստին, հայրերը լրջօրէն քննարկեցին տագնապալի վիճակը, որուն մէջ կը գտնուին մեր հաւատացեալները Միջին Արեւելքի մէջ եւ անհրաժեշտութիւնը ամէն ջանք թափելու՝ ընդառաջելու համար անոնց կարիքներուն՝ տնտեսական, կրթական եւ հոգեւոր մարզերու մէջ: Շեշտը դրուեցաւ երիտասարդներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ, ըլլայ ուսումնական շրջանին թէ ասպարէզ որոնելու պահուն: Նկատի առնուեցան այլազան միջոցներ՝ լուծելու համար անոնց տագնապները:
Հուսկ, Սիւնհոդոսական հայրերը ողջունեցին յուսալիր քայլերը, որոնք կ’արձանագրուին քաղաքական գետնի վրայ, սոյն աշխարհամասին մէջ, եւ յատկապէս Լիբանան, Իրաք եւ Սուրբ Երկիր, վերջնական խաղաղութիւն հաստատելու եւ անոնց բնակիչներուն բարօրութիւնը ապահովելու համար՝ մաղթելով, որ Լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնը նոր էջ մը բանայ Լիբանանի տագնապալի պատմութեան մէջ: Այս դիտաւորութեամբ անոնք կը հայցեն աստուածային օրհնութիւնները եւ Զմմառու Տիրամօր հզօր պաշտպանութիւնը՝ այն օրհնեալ երկրին ղեկավարներուն եւ ժողովուրդին վրայ:
ԴԻՒԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ