Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2011 - Պսակեալ զոյգերու հանդիպում Զմմառու մէջ


Զմմառ

Կիրակի 18 սեպտեմբեր 2011-ին, կազմակերպութեան Զմմառու ժողովրդապետութեան, Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ պսակեալ զոյգերու հանդիպում: Հրաւիրեալ զոյգերը արդէն իսկ կը տօնէին իրենց պսակադրութեան 30 եւ աւելի ամեակները հասնելով մինչեւ 40 եւ 45 ամեակներու:
Առաւօտեան Ձայնաւոր սուրբ Պատարագը մատոյց վանքի մեծաւորի տեղապահ հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան: Ան իր խօսքին մէջ շեշետեց ընտանիքի եւ զոյգերու հաւատարմութեան եւ փոխադարձ յարգանքի եւ սիրոյ կարեւորութեան մասին: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին Զմմառու ընծայարանի ժառանգաւորները:
Ապա բոլոր հրաւիրեալները այցելեցին վանքին երկու թանգարանները ինչպէս նաեւ գինեմառանը: Ապա բոլորը մեկնեցան սեղանատուն մասնակցելու բարեկամական ագապին, որուն ընթացքին հայր Եղիա վրդ. Դերձակեան խօսք առնելով շեշտեց այս իւրայատիւկ առիթին ժամանած յոբելինականներուն կարեւորութեան եւ իրենց երկարամեայ կեանքի փորձառութիւններուն մասին: Ինչպէս նաեւ ան իր խօսքին մէջ յստակ ըսաւ թէ՝ «մենք պատրաստ ենք բոլորին տուները այցելելու նամանաւանդ երբ տուներու մէջ խնամքի կարօտ անձեր գոյութիւն ունին: Մեր ժողովրդապետութիւնը պիտի աշխուժանայ շնորհիւ ձեր ջանքերուն եւ մի մոռնաք թէ Զմմառու Աստուածամայրը միշտ կը հսկէ ձեր ընտանիքներուն վրայ. այցելեցէ՛ք անոր մատուռը» եզրափակեց ան:
Ապա, հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան իւրաքանչիւր զոյգերուն յանձնեց Զմմառու Ցաւագին Աստուածամօր պատկերը որպէսզի անոր օրհնութիւնը իրենց հետ տանելով օրհնուին իրենց ընտանիքներուն բոլոր անդամները ու յաճախ հաւաքուին անոր պատկերոն շուրջ ու միասին աղօթեն:
Ագապի աւարտին, բոլորը միասին յիշատակի խմբանկար մը առին Երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի յուշակոթողին առջեւ:



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ