Երկուշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2009 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Խաչվերացի քարոզը

 

Զալքա

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ քարոզը Խաչվերացի տօնին, սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Զալքա, Կիրակի 13 Սեպտեմբեր 2009ին:

 «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

               Երբ խաչին մասին խօսինք, մեր միտքը կ’երթայ անմիջապէս այն բոլոր ցաւերուն եւ նեղութիւններուն մասին, որոնք մեզ կը տառապեցնեն՝ ըլլան անոնք ֆիզիքական ցաւեր կամ նիւթական նեղութիւններ, ըլլան անոնք ընտանեկան անլոյծ հարցեր: Մարդկային առումով, մենք նման խաչերէն կ’ուզենք վայրկեան մը առաջ ազատիլ խաղաղութեամբ ապրելու համար:

               Բայց ինչպէս գիտէք, Յիսուս աշխարհ եկաւ եւ խաչափայտին վրայ մեռաւ: Յարութիւն առնելով, Յիսուս մեր կրած խաչերուն նոր իմաստ մը տուաւ, վսեմ իմաստ մը, որ միայն Յիսուսի հարազատ հետեւորդները կրնան հասկնալ եւ գնահատել, միւսները՝ ո՛չ չեն կրնար հասկնալ: Իրենց խաչերուն պատճառով, անոնք զԱստուած իբր հայր չեն նկատեր եւ շատ անգամ յուսահատութեան կը հասնին : Մինչ հաւատաւոր քրիստոնեաները, նոյնիսկ եթէ ծանր խաչերու ենթարկուին, Աստուծոյ դէմ չեն խօսիր եւ բնաւ չեն յուսահատիր, այլ կ’ընդունին համբերութեամբ իրենց խաչերը, նմանելու համար իրենց Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին, որ իրենց սիրոյն համար կրեց ահռելի չարչարանքներ եւ ընդունեցաւ խաչին վրայ գամուիլ ու մեռնիլ:

               Հարցում մը, Արդեօք կարելի՞ է խաչը սիրել: Այո՛ կարելի է, բայց ոչ կամքի ոյժով, այլ՝ շնորհքի գերբնական ոյժով եւ մեծ սիրով Յիսուսին հանդէպ: Կարելի է նմանապէս Աստուծմէ չխնդրել որ խաչը հեռացնէ մեզմէ, այլ զայն սիրով ընդունիլ մեր մեղքերուն քաւութեան համար եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ ուրիշներուն տեղ ապաշխարելու համար, ինչպէս կ’ընեն կարգ մը հոգելից քրիստոնեաներ: Արդեօք կա՞յ սուրբ մը որուն կեանքը անցաւ առանց ցաւերու, առանց բամբասանքի կամ առանց հալածանքի: Չեմ կարծեր:

Ուստի կարելի է խաչը ընդունիլ, բայց կարելի չէ առանց հաւատքի եւ առանց սիրոյ: Այն ժամանակ, ընդունուած խաչը կը դառնայ սիրոյ լռակեաց դպրոց: Անշուշտ թէ աշխարհի ոգին բոլորովին հակառակ է խաչին եւ ցաւերէն կը ջանայ հեռանալ այն աստիճան, որ երբեմն, ցաւերէն խուսափելու համար, անձնասպանութեան կամ մարդասպանութեան կը դիմուի հեշտամահով: Աշխարհի ոգիով ապրող մարդիկ - եւ ասոնք դժբախտաբար շատուոր են - կը փնտռեն առ հասարակ հաճոյք, դրամ եւ փառք: Բայց ինծի ըսէ՛ք, ո՞ր հայրերն ու մայրերը իրենց զաւակներուն սիրոյն համար չեն ընդունած ցաւեր կրել, հանգիստ կամ քուն զոհել, արդար հաճոյքներէ հրաժարիլ, մինչ իրենց ծանօթները կամ դրացիները վայելքի ետեւէն էին:

               Եւ եթէ փնտռէք թէ ո՞ր ընտանիքները աւելի սիրով եւ խաղաղութեամբ կ’ապրին, արդեօք զոհո՞ւած ծնողները կամ հաճոյքի ետեւէն ընտանիքները: Պատասխանը գիտէք, պիտի գտնէք որ աւելի ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն կայ այն տան մէջ ուր զոհողութեան ոգին կը տիրէ: Որովհետեւ ուր որ զոհողութիւն չկայ, հոն սէր ալ չկայ: Եւ ուր սէր չկայ, ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն չեն կրնար գոյութիւն ունենալ:

Հետեւելով խաչուած Յիսուսին, հաւատացեալները կը սորվին, որ ուրիշներուն ծառայելը եւ անոնց համար զոհուիլն անգամ խոնարհեցում չէ, այլ Յիսուսին նմանիլն է: Որովհետեւ, ան որ ուրիշներուն բարիքը կը փնտռէ ունի անձնուիրումի ոգին, որ է անկեղծ սիրոյ արտայայտութիւն: Միայն սէրը կրնայ սփոփել կարիքաւորներուն եւ լքուածներուն սիրտը եւ ուրախացնել աղքատները, միայն սէրը կրնայ ժպիտ տալ զրկուած մանուկներուն եւ վստահութիւն ներշնչել լքուած ծերունիներուն: Բարեբախտաբար, բազմաթիւ են այն քրիստոնեաները որ այս ճամբան բռնած են: Դուք ալ, սիրելիներ, նոյնը կրնաք ընել: Այս իմաստով, Սուրբ Պօղոսին համար՝ Խաչը փառքի եւ պարծանքի առիթ է: Կ’ըսէ, «Ինծի քաւ լիցի պարծիլ եթէ ոչ միայն Խաչովն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի»:

               Խաչին միջոցաւ, Քրիստոս յաղթեց Սատանային եւ խորտակեց մահը, որովհետեւ յարութիւն առաւ եւ մեզի շնորհեց նոր կեանք մը հիմնուած սիրոյ վրայ, եւ ոչ թէ մարդկային հաշիւներուն վրայ: Նմանապէս, Քրիստոս մեզի շնորհեց հաստատ յոյս մը, քանի որ մեր մեղքերուն ներում կրնանք ստանալ ամէն անգամ, երբ անկեղծ զղջում ունենանք եւ խոստովանանքի սուրբ խորհուրդին դիմենք, որով դարձեալ Աստուծոյ զաւակ կը դառնանք: Յիսուս մեզի շնորհեց նաեւ Աւետարանին լոյսը եւ Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը, որպէսզի սխալ ճամբան չբռնենք, այլ իր ետեւէն քալենք ուղիղ ճամբով մինչեւ մեր հասնիլը յաւիտենական փառքին եւ ուրախութեան: Այս բոլորը, Յիսուս մեզի պարգեւեց շնորհիւ իր սուրբ Խաչին:

               Մենք, որ պատիւը ունինք Քրիստոսի աշակերտները կոչուելու, պարտականութիւնը ունինք ամէն մարդու, բայց մանաւանդ յուսալքուածներոուն բացատրել եւ վկայել որ իրենց խաչը չէ եղած զիրենք ճզմելու կամ քանդելու համար: Որովհետեւ Յիսուսի Խաչին դրդապատճառը եղաւ սէր եւ սէրը մարդ չի քանդեր, այլ անոր նոր կեանք կը պարգեւէ: Ասիկա դիւրին պարտականութիւն մը չէ, սիրելիներս, որովհետեւ ան կ’ենթադրէ ունենալ խաչին մասին յստակ ըմբռնում եւ համոզում, հիմնուած անձնական փորձառութեան վրայ եւ ոչ միայն գաղափարներու կամ տեսութիւններու վրայ: Դիւրին է հանգիստ կեանք ունեցող մարդուն համար խրատ տալ տառապողին եւ չքաւորին, բայց անոր խօսքերը անոնց սիրտը չեն յուզեր: Մինչ փորձուած եւ տառապած մարդուն վկայութիւնը զօրաւոր է եւ ազդեցիկ:

Մեզմէ ո՞վ խաչեր եւ ցաւեր չէ ունեցած: Բայց հարցը կը կայանայ թէ ինչպէ՞ս ընկալեցինք մեր խաչերը: Հաւատացեալը զանոնք կ’ընկալէ հաւատքով եւ չի յուսահատիր, որովհետեւ կը վայելէ ամէն ատեն Քրիստոսի շնորհքը եւ օգնութիւնը, յիշելով Յիսուսին խօսքը, «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի»: Ուստի, կը խնդրէ լոյս եւ ոյժ եւ կը ստանայ: Իսկ եթէ պատահի որ Աստուած թոյլ տայ, որ ցաւը կամ խաչը մնայ ժամանակ մը եւս, ասիկա ապահովաբար մեր բարիքին համար է: Թէպէտ դժուար է ընդունիլ այս ճշմարտութիւնր, բայց մի քիչ հաւատք ունեցողը անոր համոզուած է, քանի կը հաւատայ որ Աստուած իր հայրն է, անսխալական է եւ իրեն չարիք չի կրնար հասցնել: Փոխանակ ըմբոստանալու, հաւատացեալը սիրով կ’ընդունի Աստուծոյ ձեռքէն եկած խաչը, ինչպէս անմեղ Յիսուս՝ որ Միածին Որդին ըլլալով ընդունեցաւ իր ծանր խաչը Հօրը կամքը կատարելու համար: Եւ հնազանդելով իր Հօրը՝ Յիսուս մեզ ամէնքս ազատեց մեր մեղքերու պատիժէն եւ մեզի շնորհեց սրտի խաղաղութիւն եւ իմաստութիւն հասկնալու համար մեր խաչին փրկարար իմաստը:

               Այն ատենէն ի վեր երբ Յիսուս ընտրեց սուրբ Խաչը որպէս փրկագործութեան միջոց, Խաչը դադրեցաւ անէծք ըլլալէ, այլ եղաւ օրհնութիւն եւ փրկութեան ճամբայ: Մեղքէն կամ տարակոյսէն տանջուած մարդուն կարելի է կրկնել սուրբ Յովհաննէսին խօսքը, «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը - այսինքն մեզմէ անէն մէկը - որ մինչեւ իսկ տուաւ իր Միածին Որդին, որպէսզի ան, որ կը հաւատայ անոր, չկորսուի, այլ ընդունի յաւիետնական կեանքը»:

               Յիսուսի յարութեամբ$ Խաչը դարձաւ մեծագոյն սիրոյ խորհրդանիշը : Ասոր համար համոզուած քրիստոնեաները զայն կը կրեն հպարտութեամբ եւ զայն կը կախեն իրենց վիզէն եւ տան մէջ եւ ամէն տեղ առանց անկէ ամչնալու$ մինչ հակառակը կը պատահի մեր օրերը Եւրոպայի կարգ մը նախապէս քրիստոնեայ երկիրներուն մէջ$ ուր կ’ուզեն խաչը վերցնել դպրոցներէն$ հիւանդանոցներէն եւ պաշտօնական վայրերէն:

               Խաչին ոտքին կեցած՝ Ս$ Կոյս Մարիամը բաժնեկից եղաւ Յիսուսի չարչարանքներուն$ քանի ինք ամբողջովին Յիսուսին հետ միացած էր: Ասոր համար$ Ս$ Աստուածածինը այն անձն է$ որ ուրիշ ոեւէ անձէն աւելի լաւ կրնայ մեզի սորվեցնել մեր խաչին իմաստը եւ մեզի տալ ոյժը զայն կրելու եւ սիրելու:

               Ով ցաւագ՜ին Տիրամայր$ քեզի կը յանձնենք մեր ընտանիքները$ յատկապէս կ’ուզենք քեզի յանձնել մեր երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները եւ ամէն տառապող մարդ կամ կին$ որ խաչին տակ ընկճուած է: Թո՛ղ Յիսուսի փառաւորեալ Ս$ Խաչը ըլլայ անոնց եւ բոլորիս համար յոյսի եւ խաղաղութեան նշան եւ ոյժ$ Ամէն»:       

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ