Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2014 - Իսլամացած հայերու սրտին մէջ բոց կայ

 

13-14 տարի առաջ էր, երեկոյեան, մօտաւորապէս ժամը 10:30-ին, մէկը մեր եկեղեցւոյ դուռը զօրաւոր կը թակէր ու կը պոռար: Երբ դուրս ելանք, տեսանք, որ ծերունի մը, լալկան աչքերով, կը պոռար` հայ կ’ուզեմ, հայ կ’ուզեմ: Երբ մօտեցանք անոր, ըսաւ, որ կ’ուզէ հայ վարդապետի մը, քահանայի, պատասխանատուի, ոեւէ մէկուն հետ խօսիլ: Հարցուցի` ի՞նչ կ’ուզես, ըսաւ` կ’ուզեմ ներսիս կրակը "հաղորդել":

Ու սկսաւ պատմել. «անունս Ուստա Մուսա է, Ամուտա աւանէն եմ: Մինչ օրս կը կարծէի, որ իմ քիւրտ հայրս իսկական հայրս է: Բայց մայրս, հոգին չաւանդած, զիս կանչեց ու ըսաւ` Մուսաապ, ես արդէն "կը մեկնիմ եւ կ’ուզեմ քեզի գաղտնիք մը ըսել: Քո քիւրտ հայրդ քու հայրդ չէ, ան քու հօրդ, գերդաստանիդ մարդասպանն է:

Կարծես երկինքը փուլ եկաւ գլխուս, բան չէի տեսներ, բան չէի հասկնար: Եթէ "հայրս" ողջ ըլլար` կը սպաննէի:

Անցեալը փոխել չեմ կրնար, բայց շատ բաներ շտկելը ինձմէ կախուած է: Ու հիմա, երբ գիտեմ որ հայ եմ, կ’ուզեմ, որ անմիջապէս իմ զաւակներս, թոռնիկներս, ես հայանանք":

Ես կնքեցի ե՛ւ զինք, ե՛ւ անոր զաւակներն ու թոռնիկները:

Այս դէպքէն ետք Ամուտա աւանի մի քանի ընտանիք սկսան խոստովանիլ, որ իրենք հայ են: Եթէ առաջ վախի, սարսափի մէջ չէին կրնար իրենց ով ըլլալը բարձրաձայնել, կամաց-կամաց սկսան համարձակութիւն ձեռք բերել: Սկսան իրենց անունները հայացնել, մէկը նոյնիսկ կրցաւ իր մահմետական ազգանունը հայացնել:

Յետոյ Գամիշլիի տարբեր գիւղերէն ու աւաններէն մարդիկ սկսան գալ ու ըսել, որ իրենք ալ հայ են:

Անգամ մըն ալ Հասաքէ քաղաք գացած էի, երբ ինծի ըսին, որ Ճապուռ ցեղախումբի անդամները կ’ուզեն տեսնել զիս: Երբ հանդիպեցանք, անոնք ըսին, որ իրենց ցեղախումբի բժիշկը երէկ մահացած է, իսկ հոգին չաւանդած հետեւեալ խնդրանքով դիմած է. «ես Ձեզի հետ իբրեւ իսլամ ապրած եմ, բայց վերջին փափաքս է` թաղէք զիս հայկական գերեզմանոցի մէջ եւ հայկական ծէսով": Ու հիմա իրենք չեն կրնար անոր խնդրանքը չկատարել:

Մենք հայկական ծէսով թաղում կատարեցինք: Կը պատկերացնէք, թափօրի ետեւէն հարիւրաւոր մեքենաներով իրենց բժշկին հրաժեշտ կու տային ցեղախումբի շէյխեր, ղեկավարներ: Բոլորը այնքան երջանիկ էին, որ կրցան իրականացնել այս մարդու փափաքը, վերջին ցանկութիւնը:

Անկարելի է տեսնել այդպիսի իրավիճակ ու անտարբեր մնալ: Այսօրինակ պատմութիւնները, որոնք նոյնիսկ ամենազուսպ մարդու աչքերէն արցունքներ կը կորզեն, շատ են:

Ասկէ 6 ամիս առաջ մէկ օրուան ընթացքին 17 մկրտութիւն ըրած եմ:

Արդէն 7-րդ տարին է, որ դիմած եմ Հայաստանի կառավարութեան, որ այդ մարդոց կամ Արցախ ուղարկեն կամ Հայաստանի որեւէ գիւղի մէջ բնակելու իրաւունք տան: Կ’ըսեն` այո, բայց առայժմ որեւէ տեղաշարժ չկայ:

Անոնք հրաշալի արհեստաւորներ են, գիւղատնտեսներ, կրնան օգտակար ըլլալ Հայաստանին: Անոնց սրտի մէջ բոց կայ, կ’ուզեն կորսնցուցած տարիները վերադարձնել, շահիլ եւ ցոյց տալ, որ իրենք իսկական, մաքուր հայ են:

Իսրայէլը Հապաշիստանէն խափշիկներ կը բերէ ու կը բնակեցնէ իր երկրի մէջ զուտ այն պատճառով, որ ընդունած են իրենց կրօնը: Իսկ զտարիւն հայերուն, որոնք 99 տարի համբերած են, որպէսզի կարենան արտայայտուիլ, ըսել, որ հայ են` հայրենիքը զիրենք դեռ չ’ընդունիր:

Ափսոս, որ հայ ազգը երբեք հեռատես չէ եղած, ինչն ալ կը փաստեն մեր պատմութեան ցաւալի էջերը:

Սիրտս կը ցաւի, որ այդ ընտանիքներէն մէկը Պուլկարիա գնաց, միւսը` Քիւրտիստան, մէկ ընտանիք ալ` Պոլիս: Միւսները տակաւին կը սպասեն, որ մենք պիտի օգնենք: Այս է մեր իրավիճակը:

Անկախ եկեղեցական պատկանելութենէն` մենք հայաստանեան եկեղեցւոյ եւ մեր հայրենիքի զաւակն ենք: Հայրենասիրութիւնը միայն լոզունգներով չի սահմանափակուիր, հայրենասիրութիւնը խօսքերով չ’արտայայտուիր:

Հայաստանը մօտ 30 հազար քառակուսի քմ տարածք ունի, եթէ 3 միլիոն կրնայ "ապրեցնել", աշխարհի վե՞րջը պիտի ըլլայ, եթէ 300 հոգի աւելնան:

Երբ համշենահայը կ’ըսէ` ես հայ եմ, բայց իսլամ պիտի մնամ, եւ մենք զինք կ’ընդունինք իբրեւ հայ: Իսկ իսլամացած հայը կ’ըսէ` ես հայ եմ, պատրաստ եմ մկրտուելու եւ քրիստոնէութիւն ընդունելու, հակառակ իր կեանքին սպառնացող վտանգներուն, մենք անկէ երես կը դարձնենք: Միթէ՞ սա արդարացի է:

Շատերը ինծի կը հարցնեն, թէ անվերապահօրէն կարելի՞ է անոնց հաւատալ, վստահիլ:

Իմ պատասխանս յստակ է` միանշանակ, տասնեակ տարիներ ի վեր ի՞նչ շահ ունին իրենց ինքնութիւնը բացայայտելու: Ընդհակառակը, վտանգեցին իրենց կեանքը, ապահովութիւնը, շատերը կորսնցուցին իրենց աշխատանքը, խզեցին հարեւաններու հետ յարաբերութիւնները: Մարդիկ անոնց կը նային իբրեւ կաւուր, անհաւատ:

Իսկ մենք կրնանք այդ մարդոց օգնել, հայ պահել, բայց պետութիւնը ոչինչ չըներ, ի՞նչ է, Սուրիա՞ն պէտք է անոնց հայութիւնը փաստէ:

…ես պիտի մահանամ եւ աչքերս պիտի չտեսնեն այս "բեկորներու" մուտքը Հայաստան…

Պատրաստեց՝ Լուսինէ Աբրահամեան


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ