Երեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2012 - Մեծարում մարոնի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ՝ Րոլան Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոսի


Պքերքէ, Լիբանան

Երկուշաբթի, 16 ապրիլ 2012, երեկոյեան ժամը 5-ին, Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ մարոնի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ՝ Րոլան Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոսին մեծարման հանդիսութիւնը, նախաձեռնութեամբ Լիբանանի կաթողիկէ մամլոյ կեդրոնին եւ ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբին։ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կողմէ հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան։
Այս առթիւ, մարոնի Ալ Րաի պատրիարքը սրտի խօսք մը ուղղեց մեծարեալին, անդրադառնալով անոր հոգեւոր մեծ վաստակին։ Ինչպէս նաեւ խօսք առին կարդինալ Սֆէյր, Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, կաթողիկէ մամլոյ կեդրոնի տնօրէն տէր Ապտօ Պու Գասմ եւ նախկին նախարար Էտմոն Րիզք։
Հուսկ խօսք առնելով, մեծարեալ եպիսկոպոսը յայտնեց, որ այս մեծարումը իր անձին համար չէ, այլ իր միջոցով՝ Լիբանանի ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբին եւ կաթողիկէ մամլոյ կեդրոնին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ