Երկուշաբթի, 17 Օգոստոս 2015 - Աստուածամօր Վերափոխման Աւանդական Տօնակատարումը Զմմառու վանքէն ներս

 

 

Պէյրութ

 «Վերափոխումը պանծացումն է Աստուածածնի» ըսաւ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը  Աստուածամօր Վերափոխման Տօնին առիթով Զմմառու վանքին մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։  Յիրաւի, այդ պանծացումին մասնակից դառնալու գիտակցութեամբ է որ  հաւատացեալ հայորդիներու հոծ բազմութիւն մը՝ 16 օգոստոս 2015, կիրակի առաւօտեան ժամը 10.30-էն սկսեալ լեցուցած էր  Զմմառու  Տիրամօր  Վանքին շրջաբակըընդառաջելով Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան հրաւէրին, ջերմեռանդութեամբ եւ պատշաճ շուքով նշելու համար բազմադարեայ աւանդութիւն ունեցող տօնը, որ այս տարի  կը զգենուր բացառիկ շուք մը նկատելով որ ան կը կատարուէր  նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին նախագահութեամբ։

Արդարեւպատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբին կատարողութեամբ՝ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի խմբավարութեամբ հնչած Հրաշափառով խորան բարձրացաւ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքը  Սուրբ Պատարագը մատուցանելու համար  առընթերակայութեամբ  Բարսեղ վարդապետ Պաղտասարեանի եւ Մաշտոց վարդապետ Զահթերեանի եւ սպասաւորութեամբ Զմմառու Սուրբ Միքայէլ  եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ընծայարաններու նորընծաներուն եւ ժառանգաւորներուն։

Յընթացս Սուրբ Պատարագին իրեն յատուկ հաղորդականութեամբ արտասանած քարոզին մէջ, նորընտիր ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը «Վերափոխումը Աստուածածնի պանծացումն է» ըսաւ, երանի տալով անոնց որոնք կը լսեն իրենց խղճին ձայնը, Աստուծոյ ձայնը ու կþընդառաջեն անոր։  Իր «այո»ն արտասանելով՝ Մարիամ ընդունեց Յիսուսի մայրը  ըլլալ։ Միաժամանակ՝  Տիրոջ աղախինը։ Ան հաւատքով ընդունեց Աստուծոյ կամքը։ Մենք ալ երբ լսենք Աստուծոյ  ձայնը, ըսաւ Հոգեւոր Տէրըհաւատանք, ընդունինք եւ հաւատարիմ ըլլանք անոր՝ կը դառնանք Յիսուսի եղբայրները եւ քոյրերը։ Աստուած մեզ սիրով ստեղծեց եւ մեզ չլքեց, այլ իր ձեռքերուն մէջ պահեց»։ Նշելով որ ամբողջ Միջին Արեւելքը անձկութեան մէջ կþապրի այսօր եւ  մարդիկ հարց կու տան թէ ի՞նչ պիտի ըլլան վաղըՀոգեւոր Տէրը ըսաւ որ առանց խաչի կեանք չկայ, եւ յիշեցուց Յիսուսի խօսքը՝ «երանի անոր որ իր խաչը կþառնէ եւ ետեւէս կու գայ»։ «Մենք հրաւիրուած ենք ապրելու Աստուծոյ պարգեւած խաղաղութիւնը եւ ասոր համար պէտք է սիրենք զիրար այնպէս ինչպէս Ան պատուիրեց իր առաքեալներուն ըսելով՝ զիրար  սիրեցէք ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Այս փոխադարձ սէրն է պայմանը երկնային խաղաղութեան»։ Իր քարոզի աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու եւ Աստուածամօր բարեխօսութեամբ հայցելու Աստուծոյ շնորհները։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կատարեց  խաղողի ողկոյզներուն օրհնութիւնը, արարողութեան աւարտին վստահեցնելով որ իւրաքանչիւր հաւատեալ իր մտքին, հոգիին ու աղօթքներուն մէջ կը գտնուի, միաժամանակ խնդրելով աղօթել իրեն համար։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրըարհիապատիւ հայրերուն, Վանքի մեծաւոր Հօր եւ վարչական հայրերուն հետ Վանքի դահլիճին մէջ  ընդունեց  շնորհաւորութիւնները հաւատացեալներուն, որոնք օրհնուած խաղողի ողկոյզները ստանալէ  ետք ՀԿՄ.ի Զալքայի պատանիներուն ձեռամբ՝ մեկնեցան վանքէն գոհունակ սրտով։ Զալքայի ՀԿՄ.ի պատանիներուն եւ շեփորախումբին ներկայութիւնը շրջափակէն ներս եւ անոր շուրջ՝ ժողովրդային տօնախմբութեան մթնոլորտ ստեղծած էր։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ