Երեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2012 - Սուրբ պատարագ եւ սուրբ Խաչի յուշակոթողի օրհնութիւն
Զալքա

2012 տարին կը զուգադիպէր հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սուրբ Խաչ - Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան արծաթեայ յոբելեանին: Այս առիթով, իր աւարտին հասնող տարուան ընթացքին, վարժարանիս տնօրէնութիւնը զանազան հանդիսութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց յոբելենական տարին, լուսարձակի տակ առնելով այս կրթական հաստատութեան 25-ամեայ վաստակը, յաջողութեան ուղիին վրայ անոր արձանագրած պատուաբեր հանգրուանները եւ դէպի նոր բարձունքներ հասնելու անոր անկոտրում կամքը:

25 տարիներ շարունակ Մեսրոպեան ջահը անմար պահող, հայ աշակերտին լոյս, գիտութիւն եւ հաւատք ջամբող այս օճախը, այսօր, քառորդ դարեայ իր բեղմնաւոր պատմութեան գիրքին մէջ նոր էջ մը կը բանայ, հոն արձանագրելու համար ոսկեայ տառերով գրուելիք նոր ձեռքբերումներ ու նուաճումներ:

Արդարեւ, այս յոբելենական տարուան տօնակատարութիւններու շարքը արժանաւորապէս եզրափակելու համար, վարժարանիս տնօրէնութիւնը ձեռնարկեց Սուրբ եւ անմահ Պատարագի, որ տեղի ունեցաւ Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 16 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, զոր մատուցեց, հանդիսապետեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց: Ներկայ էին Լիբանանի կաթողիկէ վարժարաններու խորհուրդի նախագահ՝ հայր Պոթրոս Ազար, պետական երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար Ժագ Չուխատարեան, Զալքայի քաղաքապետ Միշէլ Ասսա‎ֆ Մըր, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, զինուորական անձնաւորութիւններ, կաթողիկէ քոյր վարժարաններու տնօրէններ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ, աշակերտներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց որպէս քրիստոնեաներ ապրելու եւ հայազգի զաւակներուն սփռելու Լուսաւորչեան հաւատքը: Ան նշեց, թէ «1987-ին անգլերէն թեքումով հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ - Հարպոյեան վարժարանը իր դռները բացաւ եւ իրերայաջորդ տնօրէններու տքնաջան աշխատանքով արձանագրեց շօշափելի նուաճումներ: Տարիներու ընթացքին, նորանոր ծրագիրները զարգացուցին եւ ճոխացուցին վարժարանը՝ աւարտական դասարանի մասնագիտական ճիւղերով եւ արուեստից բաժանմունքով»: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին աւարտին դրուատեց դերը հայ դպրոցին, որ «մեզի համար հասարակ կրթական կառոյց մը ըլլալէ աւելի, նուիրական առաքելավայր մըն է, ուր ուսումնական ծրագրին զուգահեռ կը ջամբուի հայեցի կրթութիւն եւ հայ աշակերտին ինքնութիւնը զօրացնող ազգային եւ մշակութային արժէքներ»: Ան գնահատեց վարժարանին կրթական մարմիններուն աշխատանքը, եւ խնդրեց Աստուծմէ, որ Իր լիառատ օրհնութիւնները տայ եւ Իր հովանիին տակ պահէ բոլորը:   

Պատարագի աւարտին, ներկաները թափօրով մը դուրս եկան եկեղեցիէն ու հաւաքուեցան վարժարանիս դէպի եկեղեցի նայող պատին վրայ տեղադրուած Սուրբ Խաչի յուշակոթողին մօտ, զոր սիրայօժար կերպով նուիրուած է վարժարանիս ծնողներէն՝ Սարգիս Պասթրմաճեան ընտանիքին կողմէ: Այնուհետեւ, ՀԿՄ փողերախումբի նուագներուն ընկերակցութեամբ, Սուրբ Խաչ արիներու խմբապետները յուշակոթողին վրայէն վար առին հայկական դրօշակը եւ օրհնութիւնը կատարուեցաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ, որ այս բարեբաստիկ առիթով օրհնութեան գիր յանձնեց վարժարանիս հիմնադիր բարերար՝ ողբացեալ Կարպիս Հարպոյեանի տիկնոջ, բարձր գնահատելով հանգուցեալին շնորհակալ, օրինակելի եւ գերգնահատելի աշխատանքը, որուն առաջին քայլին՝ դպրոց կառուցելու ազգակերտ երազը իրականութիւն դարձնելու շնորհիւ, 25 տարիներէ ի վեր այս օճախը եղած է հազարաւոր հայ մատղաշ հոգիներու դարբնոցը, անոնց ազգային դիմագիծը կերտող կաճառը եւ տուած է բազմաթիւ շրջանաւարտ սերունդներ:

Հրավառութիւններու տօնական մթնոլորտին ներքոյ ներկաները ուղղուեցան «Պետողլեան» սրահ, ուր հիւրասիրութեան կողքին շնորհաւորութիւններ ընդունուեցան, վարժարանիս մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ բեղուն տասնամեակներ:            
    

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ - ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ