Ուրբաթ, 15 Փետրուար 2008 - Ս. Յակոբ Հիւանդանոցի 170 Ամեակ

 

 
Պոլիս, Թուրքիա
 

Շաբաթ՝ 26 Յունուար 2008ին, Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքը տօնեց Ս. Յաակոբ հիւանդանոցի 170րդ ամեակը ճէյրան Ինթէր-Քոնթինէնթալ պանդոկի սրահներէն մէկուն մէջ: Այս ճաշկերոյթին մասնակցեցան երկու համայնքներէն հրաւիրեալներ եւ դարձաւ ոչ միայն պատմական տարեդարձի նշում՝ այլ երկու համայնքներու միասնութեան հաստատում:
Պատուոյ սեղանին կը նախագահէր հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր՝ Արհի.Տ.Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան, որուն կողքին նստած էին Աթոռի գլխաւոր օգնական՝ Արհի. Գէորգ Արք. Խազումեան, Շիշլիի քաղաքապետ՝ ՄուսթաՖա Սարըկիւլ, փոխ քաղաքապետ՝ Վազգէն Պարընի, Մարմարա օրաթերթի խմբագիր՝ Ռ. Հատտէճեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Պէրնար Սարըպա:
 


 
Ս. Յակոբ Հիւանդանոցը վերջերս լայն բաժին ստացած է նորարարութեան ու արդի ժամանակներու հրամայականներուն հետեւելու աշխատանքէն, իւրաքանչիւր  մարզէ ներս կատարուած նորոգութիւններով, նոր գործիքներու ու բաժիններու սարքերով
 
ու բժշկական միջոցառումներով, դարձած է Պոլսոյ կեդրոնական թաղամասերէն մէկուն մէջ առողջապահական հարցերու փրկութեան նաւ:
Ճաշկերոյթի ընթացքին Գերապայծառ Չոլաքեան խօսքը ուղղեց հրաւիրեալներուն եւ ըսաւ թէ հիւանդանոցը սուրբ երդիք մըն է եւ համայնքը ոչ միայն պահեց ու պաշտպանեց այս աւանդը այլ նաեւ զարգացուց զայն: Ան բարձր գնահատեց անցեալի եւ այժմու հոգաբարձութիւնները, շեշտելով թէ «հիւանդանոցը միայն առողջապահական ծառայութիւն չէ որ կը մատուցէ, այլ նիւթական ու բարոյական ամէն աջակցութիւն ցոյց կուտայ համայնքի կարիքաւոներուն, մէկ խօսքով այս հաստատութիւնը համայնքին Ազատարատ Կառքն է»:
Ընթրիքի աւարտին յատուկ հանդիսութեամբ սրահ բերուեցաւ 170ամեակի կարկանդակը եի կտրուեցաւ հին ու նոր հոգաբարձուներու կողմէ միասնաբար:                      


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ