Պէյրութ
Այսօր՝ չորեքշաբթի 21 յունուար 2015-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մեկնեցաւ Թեհրան հովուական այցելութեամբ: Չորեքշաբթի՝ 28 յունուար 2015-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Թեհրանէն պիտի մեկնի Երեւան, յաջորդ օրը մասնակցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 5-րդ նիստին։ Ան իր նստավայրը պիտի վերադառնայ շաբաթ, 31 յունուար 2015-ին: Այս ճամբորդութիւններուն Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պիտի ուղեկցի հայր Բարսեղ վարդապետ Պաղտասարեան: