Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2008 - Շնորհաւորագիր Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարքի Գահակալութեան 9-րդ Տարեդարձին Առիթով

Լիբանան

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքէջի յանձնախումբը՝ տնօրէնութեամբ եւ քարտուղարութեամբ, կը շնորհաւորէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. Եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի գահակալութեան 9-րդ տարեդարձը, 24 Հոկտեմբեր 2008ին: Այս առիթով Անոր կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն որպէսզի անոր օրհնութիւնը մեր վրայէն անպակաս ըլլայ եւ մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ Աստուած որպէսզի Անոր տայ կորով շարունակելու համար Իր եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր առաքելութիւնը եւ շարունակէ ըլլալ մեր բոլորին Առաջնորդը եւ Հայրը :

Քարտուղարութիւն

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ