Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2013 - Դիւան թիւ 75/13

Պէյրութ, 26 Մարտ 2013
Դիւան թիւ 75/13

Ազնուափայլ տիկին Հրանուշ Հակոբեան
Հ.Հ. Սփյուռքի նախարարություն

Երեք օր առաջ ստացանք Ձեր նամակը, որուն մէջ մեզ կը հրաւիրէք մասնակցելու Ապրիլ 9-ին կայանալիք Հ.Հ. վսեմաշուք Նախագահի երդման արարողութեան:

Դժբախտաբար, պիտի չկարենանք մասնակցիլ վերոյիշեալ պատմական երդման արարողութեան: Սոյն արարողութեան սակայն մեզ կրնայ ներկայացնել, եթէ բրոթոքոլային օրէնքը կը թոյլատրէ, Արհիապատիւ Գերպ. Ռափայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը, Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մեր Առաջնորդը, որ Ձեզի խիստ ծանօթ է:Ձեզմէ կը խնդրենք որ բարեհաճիք Արհիապատիւ Գերապայծառին հաղորդել Ձեր պատասխանը:

Այս Աւագ Շաբթուան ընթացքին, մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Ամենակալն Աստուած, որպէսզի շնորհէ յաջողութիւն եւ բարգաւաճում մեր սիրելի Մայր Հայրենիքին, մաղթելով Ձեզի ամէն բարիք Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով:
Հայրական Օրհնութեամբ՝

+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ