Ուրբաթ, 9 Ապրիլ 2010 - Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոն - յայտարարութիւն

Պէյրութ, Լիբանան

 

«Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոն»ը Կը Կազմակերպէ Յարութ Սասունեանի Հանդիպումները` Լիբանանահայ Գաղութին մէջ, հետեւեալ ժամանակացոյցով.

 

Ա- Հանրային բանախօսութիւն, հինգշաբթի 15 Ապրիլ, ժամը 20.00-ին, պրն. Սասունեան «Փիւնիկ» հանդիսասրահին մէջ հանրութեան համար պիտի տայ դասախօսութիւն մը` «Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի թիւ 252 բանաձեւի ազգային եւ քաղաքական մեկնաբանութիւնը» վերնագրով: Դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ գործակցաբար «Ազդակ» օրաթերթին:

 

Բ- Դասախօսութիւն՝ աշակերտութեան համար, ուրբաթ 16 Ապրիլ, ժամը 11.00-ին,  ան պիտի հանդիպի լիբանանահայ վարժարաններու բարձր կարգերու աշակերտներուն հետ` զրուցելու համար Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն եւ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող առընչութեան մասին:

 

Գ- Կլոր սեղան՝ Լիբանանահայ Մամուլի խմբագիրներու մասնակցութեամբ, շաբաթ 17 Ապրիլ, ժամը 19.00-ին, պրն. Սասունեան պիտի ըլլայ գլխաւոր զեկուցաբերը լիբանանահայ մամուլի խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն  մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք կլոր սեղանին, ուր ան պիտի ներկայացնէ իր տեսակէտը` համասփիւռքեան ներկայացուցչական կառոյցներ ստեղծելու ճամբով Սփիւռքի կազմակերպական հեռանկարին մասին: Կլոր սեղանը տեղի պիտի ունենայ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Հ.Կ.Մ. «Արարատեան» սրահին մէջ:

 

 

ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ԿԵԴՐՈՆ

 

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ