Երկուշաբթի, 6 Ապրիլ 2009 - «Քինտըր Միշըն Ուոք»Կազմակերպութեան Նախագահը Այցելեց Մեսրոպեան Վարժարան

Լիբանան

 

Շաբաթ, 4 Ապրիլ 2009-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարան այցելեցին Գերմանիոյ «Քինտըր Միշըն Ուոք» մանուկներու բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ՝ գերապայծառ Ուինֆրիտ Փիլզը, ընկերակցութեամբ նոյն կազմակերպութեան միջին արեւելքի ծրագիրներու բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Տինքո Արաչիչի, «Քահանայապետական Բարեգործու¬թիւն Ի Սպաս Առաքելական Մանուկներու» բարեսիրական կազմակերպութեան Լիբանանի գրասենեակի նախագահ Հայր Փոլ Վրդ. Քարամի:

Հիւրերը դիմաւորեց վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ: Անոնց մտերմիկ ու սիրալիր հանդիպումին յաջորդեց վարժարանի տարբեր բաժիններու մէջ հիւրերու շրջագայութիւնը: Այցելութեան աւարտին հիւրերը կիսեցին իրենց դրական տպաւորութիւնները վարժարանի տնօրէնին հետ եւ բաժնուեցան, նպատակ ունենալով այցելել նաեւ Պուրճ Համուտի Հայ Քոյրերու «Սրբուհի Ագնէս» վարժարան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ