Ուրբաթ, 27 Մայիս 2011 - Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան 200-ամեակի յոբելեանին դրոշմաթուղթը


Վիեննա

Մայիսին, Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ ներկայացուեցաւ հաստատութեան 200-ամեակի յոբելեանին առթիւ լոյս տեսած դրոշմաթուղթը, որ շրջանառութեան դրած է Աւստրիական փոսթը։ Դրոշմաթուղթին արժէքը 90 սենթ է, եւ հոն կը ներկայացուի Գրադարանի կեդրոնը զետեղուած փայտաշէն սքանչելի պահարանի մը նկարը։

Ձեռնարկին ներկայ եղան Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Յովակիմեանը, Հայաստանի մօտ Աւստրիոյ դեսպան Միքայէլ Փոսթլ, Ծ.վրդ Նաճարեան, Վատիկանի ներկայացուցիչը, Մխիթարեան Միաբանութեան վարդապետներ, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ «Սուրբ Գաբրիէլ ֆիլաթելիսթ» կոչուած միութեան անդամները։ Այս առթիւ Աբբահայր Պօղոս Գոճանեան հանգամանալից ձեւով ներկայացուց Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննա հաստատման եւ անոր 200-ամեայ պատմութիւնը։ Ապպ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։

Դրոշմաթուղթին տպաքանակը մէկ միլիոն է։ Յոբելենական թուականը հանգամանալից կերպով պիտի նշուի սեպտեմբեր 10 եւ11-ին։ Նշենք, որ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան մօտ կը գտնուի Սփիւռքի հայկական թերթերու ամէնէն մեծ ու լրիւ հաւաքածոն։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ