Երեքշաբթի, 12 Մայիս 2009 - Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ցերեկոյթ Կազմակերպութեամբ Գ. Հարպոյեան Վարժարանի

Լիբանան

 
Մայիսեան առաւօտ էր:
 

«Էլ Մայսուն» ճաշարանի սրահը իւրայատուկ յարդարանքով, Տիկնանց Յանձնախումբի տիկիններէն մի քանին, հիւրերը կը դիմաւորեն ծաղիկներով եւ նուէրներով: Գոհունակ տրամադրութիւնը կը սկսի մուտքէն:
Ներսը, սեղաններ գունագեղ ծաղկաստանի երեւոյթով, համադամ լիբանանեան աղանդերներով, հայկական երաժշտութեան ներքոյ ուրախ մթնոլորտ կը տիրէր: Հաւաքական աշխատանքի արգասիքը յստակօրէն ի յայտ կու գար ծնողական հաւաքոյթի ընթացքին:
Սեղաններու շուրջ մէկտեղուած էին մայրեր, մեծ մայրեր, հարազատներ եւ բարեկամներ: Ցերեկոյթի ծրագիրը համադրող՝ Օրդ. Սեդա Քէնտիրճեան «Բարի եկաք»ի խօսքէն ետք, բեմահարթակ հրաւիրեց Տիկ. Կանիմեան, որպէս Տիկնանց Յաձնախումբի ատենապետուհի: Ան իր խօսքին մէջ կը շեշտէ ձեռնարկին կարեւորութիւնը եւ նպատակը: Որպէս հայ աւանդական տօներու պահպանման եւ կարեւորութեամբ ու սրբութեամբ գործադրելու անհրաժեշտութեան մասին: Ան իր խօսքը կը փակէ յայտնելով. «Մեզի համար հայ մայրը նուիրական է, կեանք է, սուրբ է: Ապա Շիրազէն մէջբերելով՝ մօրը սրտին հետ աշխարհն են չափել, էլի մեծ էր նա, մեծ էր ու շքեղ»:
Հուսկ, բեմահարթակ կը հրաւիրուի օրուան բանախօսուհին Տիկ. Պայծիկ Գալայճեան փոխանցելու համար օրուան խորհուրդը:
Տիկ. Գալայճեան նախ կը փոխանցէ մայիսեան խորհուրդը, ապա գնահատելով Տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ Տիկնանց Յանձնախումբի համագործակցական ոգին, կը դրուատէ Հայ մօր դերը մեր հայ իրականութենէն ներս, ըլլայ քաղաքական, մշակութային կամ կրթական ոլորտներու մէջ: Ան շնորհաւորելէ ետք ներկայ գտնուող հայ մայրերը, ապա կը կարեւորէ ծնողական դաստիարակութեան ազդեցութիւնը իրենց զաւակներուն ներաշխարհին մէջ: «Մօրը ջամբած դաստիարակութիւնն ու փոխանցած զգացումները մենք մեզի հետ կը տանինք առյաւէտ: Մենք ալ մեր կարգին, նոյն ոգիով ու  սիրով զայն կը փոխանցենք մեր զաւակներուն յատկապէս մարդկային, ազգային ու դաստիարակչական առումով»:
Տիկ. Գալայճեան ջերմ շնորհակալութիւններ յայտնելով Տնօրէնութեան իրեն ընձեռած այս առիթին համար, ան կը շնորհաւորէ նաեւ Տիկնանց Յանձնախումբի ամէն մի անդամ, որոնք իրենց կարգին գիտակից հայ մայրեր են եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն յանուն իրենց զաւակներուն յաճախած վարժարանի վերելքին ու բարգաւաճման:
 
Օրուայ ցերեկոյթը իր ներկայութեամբ պատուած էր Հայր Անդրանիկ Կռանեան, որ իր սրտի խօսքին ընդմէջէն, ջերմօրէն գնահատելով ներկայ
 
գտնուող մայրերը, կը պատգամէ ընդմիշտ ըլլալ գիտակից յանուն նորահաս սերունդի դաստիարակութեան: «Պարարտ հողի վրայ կառուցենք այն ինչ որ պիտի կերտենք, վասնզի միայն հողի վրայ է որ կարելի կÿըլլայ հիմերը ամրապնդել: Ան իր խօսքը ակնարկելով դաստիարակչական մարզին, կը յայտնէ թէ դաստիարակութիւնը հետեւողական պէտք է ըլլայ, այլ ոչ թէ սոսկ արտայայտչական: «Երբ դպրոցէն ներս որդեգրած է ուղղութիւն մը, տան մէջ թող չհակասուին գաղափարներըÿ Թող չնախատուին ուսուցիչները տան մէջ ծնողներու կողմէ, աշակերտին ներկայութեան, որովհետեւ ան կը խանգարէ ուսուցիչ-աշակերտ փոխ յարաբերութիւնը»:
Շնորհակալական ու շնորհաւորական իր խօսքը փոխանցեց նաեւ վարժարանի Տնօրէնուհին՝ Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ իր կարգին նախ բարձր գնահատելէ ետք Տիկնանց Յանձնախումբի մեղուաջան աշխատանքը, երախտագիտական ջերմ խօսքեր փոխանցեց իր մօրը, որ ներկայ էր նաեւ սոյն հաւաքոյթին Տիկ. Պոյաճեան շնորհաւորեց նաեւ օրուան ձեռնարկը հովանաւորող Տիկ. Էլիզապէթ Պօղոսեան որ ինքնին մեծ մայր մըն է մեր աշակերտներուն մէկուն:
Յետ տնօրէնութեան խօսքին, ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի աշակերտները՝ ծիլ, կոկոն ու ծաղիկ դասարաններու, որոնք մեծ խանդավառութեամբ երգեցին, պարեցին ու արտասանեցին բարձր տրամադրութիւն ստեղծելով իրենց ծնողներու մօտ: Շնորհաւորելի էին մանկապարտէզի ամէն մի ուսուցչուհի եւ մանկապարտիզպանուհին որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայած էին իրենց աշակերտներուն մօտ լաւագոյն կերպով հանդէս գալու համար օրուան ձեռնարկին:
Օրուան անակնկալն էր երգչուհի Գարմէն, որ հայկական ճոխ երգերով եւ քաղցրահունչ ձայնով մեկնաբանեց ե՛ւ իր անձնական երգերը ե՛ւ զանազան հայկական, ազգային ու սիրային երգեր:
Տեղի ունեցաւ ճոխ վիճակահանութիւն, շնորհիւ գոյացած բազմաթիւ նուիրատուութիւններու: Ուրախ էին բոլորը: Ժամանակը սահած էր հեզասահօրէն:
Գնահատելով ձեռնարկին յաջողութիւնը տեղի ունեցան նաեւ նիւթական նուիրատուութիւններ յանուն դպրոցի բարգաւաճման:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ