Երկուշաբթի, 16 Յուլիս 2012 - Արեւելեան Եկեղեցիներու Կառավարիչ՝ կարտինալ Սանտրիի այցելութիւնը՝ Հայաստան


Գիւմրի

Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրի եւ իրեն ընկերակցող շքախումբը 14 յուլիս 2012-ին երեկոյեան՝ ժամանեցին Գիւմրի, ուր ընդունուեցան բարձրաստիճան եկեղեցականներու, քաղաքական անձնաւորութեանց ու կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու եւ Միութիւներու ներկայացուցիչներու կողմէ, ապա Ծիրանաւորը ուղղուեցաւ «Տիրամայր Հայաստան» Կեդրոնը ուր տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ սիրոյ սեղան։

Կիրակի 15 յուլիսին կարտինալը այցելեց Տաշիր, ուր «Սուրբ Աստուածածին» վերանորոգ Եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց հայածէս ձայնաւոր սուրբ Պատարագը ու նաեւ սոյն եկեղեցւոյ օծումը կատարեց։
Յետ միջօրէին հանդիպում ունեցաւ հայ կաթողիկէ երիտասրարդներուն հետ, ապա անցաւ Գիւմրի ուր այցելեց «Հայկական Գարիթասի» կեդրոնը եւ հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը։

Իսկ երկուշաբթի 16 յուլիսին, կարտինալ Սանտրի պաշտօնական այց կատարեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին։
Երեւանի Քանաքեր կեդրոնի մէջ կարտինալը մասնակցեցաւ իրեն եւ իր շքախումբին ի պատիւ սարքուած սիրոյ սեղանին։

Երեկոյեան համար նախատեսուած է Կարտինալին հանդիպումը Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար դեսպաններու հետ։

Երեքշաբթի 17 յուլիսին՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Կառավարիչը պիտի այցելէ Ծիծերնակաբերդը յարգանքի տուրք մատուցելու Մեծ Եղեռնի զոհերուն , նաեւ պիտի այցելէ մատենադարանը նախատեսուած է նաեւ հանդիպում Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ։

Հուսկ, չորեքշաբթի 18 յուլիսին կարտինալ Սանտրի Աշոցքի մէջ սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ, այս առթիւ պատրաստուած է ընդունելութիւն մը՝ ի յարգանս Ծիրանաւորին։

http://www.radiovaticana.org/arm/Articolo.asp?c=605035



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ