Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2011 - Խաղաղութեան միջկրօնական հանդիպում Ասսիզի մէջ

Իտալիա

 
Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը հինգշաբթի 27 հոկտեմբերի առաւօտեան մեկնեցաւ Ասսիզի քաղաքը, ուր աշխարհի հինգ ցամաքամասերէ ժամանած զանազան դաւանանքներու եւ կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ միասին նշեց երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. սրբազան քահանայապետի 25 տարի առաջ կազմակերպած խաղաղութեան միջկրօնական հաւաքի յոբելեանը։
Սրբազան քահանայապետը այս առթիւ` ի շարս այլ կրօնապետերուն` խօսք մը արտասանեց ներկաներուն որուն մէջ յիշելով երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. 1986-ին կազմակերպած հաւաքը, հարց տուաւ. «ի՞նչ պատահեցաւ այդ օրէն ի վեր։ Ու՞ր հասաւ խաղաղութեան ընթացքը»։
Այդ օրերուն - ըսաւ նորին սրբութիւնը - բաժանումներն էին որ կը ներկայացնէին խաղաղութեան սպառնալիքը ու այդ բաժանումներու ակնառու խորհրդանիշն էր Պերլինի Պատը, որ երկու մասերու բաժնած էր քաղաքը։ 1989-ի` Ասսիզիի հաւաքէն երեք տարի ետք ականատես եղանք այդ պատի փլուզումին։
Ազատութիւնը կարեւոր պարգեւ մըն է սակայն շատ անգամ ազատութիւնը կորսնցուցած է իր ուղեցոյցը եւ շատերու կողմէ օգտագործուած է, ուժգնութիւն բանեցնելու համար, ըսաւ սրբազան քահանայապետը, ու ապա ակնարկեց աշխարհի մէջ տիրող՝ բռնութիւններուն, ահաբեկչական արարքներուն ու կրօնի շահագործութեան բռնութիւնը գործադրելու։
Մենք եւս այսօր, ըսաւ սրբազան հայրը, կը հաստատենք 1986-ին յայտարարուած կրօնքի իսկական բնոյթը։
Որպէս Քրիստոնեայ, կ՛ուզեմ ըսել որ ժամանակի ընթացքին քրիտոնէութեան անունով ալ ուժգնութիւններ կատարուեցան եւ ամօթ կը զգանք սակայն կ՛ընդունինք այս իրողութիւնը ու կ՛ընդունինք նաեւ որ այս արարքները կրօնի բնոյթի զեղծումն էին։
Սրբազան հայրը ապա խօսեցաւ մարդու կեանքին մէջ, Աստուծոյ բացակայութեան մասին, որ մարդուն անկումին պատճառ կը դառնայ։ Ու ակնարկեց կրօններու միջեւ երկխօսութեան հաստատումի կարեւորութեան, ընդունելով որ աշխարհի մէջ չկան միայն հաւատացելներ եւ ոչ հաւատացեալներ այլ կան նաեւ շատ մը անձեր որոնք պատեհութիւնը չունեցան ճանչնալու հաւատքը բայց եւ այնպէս ճշմարտութիւնը կը փտռեն։ Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց իր խօսքը հաստատելով՝ որ եկեղեցին պիտի չդադրի պայքար մղելէ ուժգնութեան դէմ ու յանձնառումով պիտի աշխատի խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր։
Ոգեւորուած ենք նոյն զգացումներով, ըլլալու՝ Խաղաղութեան եւ Ճշմարտութեան ուխտաւորներ, եզրափակեց ան։

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ