Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2008 - Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Ընդմիջումը Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին

Վատիկան, Իտալիա

Նախագահութեամբ ըստ հերթի Սաօ Փաոլոյի Արքեպիսկոպոս՝ կարդ. Օտիլօ Բետրօ Շերերի, Շաբաթ 12 Հոկտեմբեր 2008ին, գումարուեցաւ 11-րդ նիստը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի 12-րդ Ընդհանուր Սովորական Հաւաքին «Աստուծոյ Խօսքը Եկեղեցւոյ Կեանքին եւ Առաքեկութեան Մէջ» տիտղոսին տակ, Վատիկանի մէջ: Ժողովական հայրերուն կարգին յատուկ միջամտութիւն ունեցաւ Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. որպէս Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ նախագահ Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսին:

Հետեւաբար  կուտանք Հոգեւոր Տիրոջ միջամտութիւնը թարգմանաբար. 

Սրբազան Հայր ,
Արհիապատիւ Սիւնհոդոսական հարեր,
Եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,

Ընդմիջումիս սկիզբը հարկ է հաստատել, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչով աւետարանուած Հայ Եկեղեցին՝ ծնունդ առաւ 301 թուականին,  երբ ըստ աւանդութեան քրիստոնէութիւնը որդեգրուեցաւ իբրեւ պետական կրօնք Հայաստանի մէջ: Այն ժամանակաշրջանին, Հայոց Այբուբենը գոյութիւն չ՛ունէր եւ Աստուածաշնչային ընթերցումները կը հռչակուէին յունական կամ ասորական լեզուներով: Հետեւաբար հանդիսապետը պէտք էր զանոնք թարգմանէր հայերէնի: Այս բանը կը դժուարացնէր Աստուծոյ Խօսքին ըմբռնումը նորադարձ հայերուն, որմէ ծագեցաւ գաղափարը հնարելու յատուկ գիրեր թարգմանելու համար Աստուածաշունչը ժողովուրդին լեզուով:
Այս մէկը իրականացաւ շնորհիւ Մեսրոպ անունով վարդապետի մը, որուն խանդավառեցին եւ նեցուկ կանգնեցան Եկեղեցւոյ եւ պետութեան բարձրաստիճան պետերը՝ Սահակ Կաթողիկոս եւ Վրամշապուհ թագաւոր: Մեսրոպ գործի լծուեցաւ եւ 406 թուին հնարեց Հայոց Այբուբենը: Առաջին թարգմանուած գիրքը եղաւ Աստուածաշունչը, Եօթանասնիցէն, ապա կարգը եկաւ եկեղեցական այլ գրքերու որոնք ճանչցուած էին այդ շրջանին:
Կրնանք հաստատել, որ Աստուածաշունչի հայերէնի թարգմանութենէն ետք, Ս. Գիրքը ստացաւ իւրայատուկ կարեւորութիւն Հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս: Իր օգտաշատ եւ դրակայն ազդեցութեամբ ի յայտ բերաւ նոր մտածելակերպ եւ նոր շունչ հաւատացեալներուն եւ մտաւորականներուն մօտ, ինչպէս նաեւ ընկերութեան մէջ ընդհանրապէս:
Ե. դարէն մինչեւ ԺԸ. դար, Հայ Եկեղեցին ունեցաւ Աստուածաշունչի զանանզան մեծահամբաւ մեկնաբաններ, որոնցմէ նշենք՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացին (Ժ.−ԺԱ.դար), Ս. Ներսէս Շնորհալի (ԺԲ. դար) եւ Ս. Ներսէս Լամբրոնացի (ԺԲ. դար): Անոնք դրոշմեցին եկեղեցական գրականութիւնը յաջորդող դարերէն մինչեւ օրս:
Ե. դարէն մինչեւ Ի. դար, Հայ ժողովուրդը յանուն Քրիստոնէական հաւատքին ապրեցաւ բազմաթիւ հալածանքներ: Ամէնէն նշանաւորը, եւ որուն նահատակները ամէն տարի կը յիշատակուին, Սրբոց Վարդանանցն է 451 թուին, երբ Պարսից թագաւոր Հազկերտ Բ. ուզեց խլել Քրիստնէական կրօնքը Հայ ժողովուրդէն եւ անոր պարտադրել մազտէականութիւնը՝ կրակի կրօնքը: Ս.Ղեւոնդ քահանան կը յորդորէր զինուորները հաւատարիմ մնալու իրենց հաւատքին, իրենց ըսելով « Ձեր մէջէն շատեր կը ճանչնան Ս. Գիրքը մանկութենէն ի վեր»: Ուստի այս դիւցազներգութեան հեղինակը Եղիշէն՝ կը յայտնաբերէ Հայ ժողովուրդի կապուածութիւնը Աւետարանին ըսելով.«Ինչպէս կարելի չէ խլել մորթին գոյնը, այնպէս ալ ոչ ոք կրնայ մեզմէ խլել Քրիստոսի հաւատքը»:
Ե. դարէն սկսեալ տարբեր գրողներ կը վկայեն թէ Հայ ժողովուրդին մէջ կը գտնուէին անհատներ, որոնք անգիր կը ճանչնային սաղմոսարանը, որոնցմէ ոմանք կը վկայեն.« Մեր Հայրերը գիշեր ու ցերեկ իրենց ժամանակը կ՛անցնէին Ս. Գիրքը ընթերնելով, ինչ որ կ՛ամրապնդէր պատուիրաններու պահպամումը եւ բարի օրինակ կը դարձնէր իրենց շրջապատին»: Ուրիշ վկայութիւն մը այս ծիրէն ներս1915-ի Ցեղասպանութիւնն է: Երբ ընտանիքներ կը տեղահանուէին իրենց գիւղերէն եւ տուներէն եւ խմբովին կը բանտարկուէին նկուղներու, սրահներու ու եկեղեցիներու մէջ, հաւատացեալներ իրենց վերջին գիշերը կ՛անցնէին աղօթելով առ Աստուած, ընթերնելով պարբերութիւններ Աւետարանէն, որ վե‎ջին ճանապարհորդութեան արժէքաւոր սնունդն էր տառապեալ հայ մօր:
Առանց երկմտութեան կարելի է եզրակացնել, որ Հայոց Գիրերու գիւտը 406 թուին առաջնահերթ նպատակ ունէր Հայ ժողովուրդին աւետարանացումը: Այս աւետարանացումը փրկեց միշտ վտանգուած Քրիստոնեայ հաւատքը, ինչպէս 451 թուին ( երբ Աստուածաշունչը նոր թարգմանուած էր) եւ յաջորդ դարերուն: Աստուծոյ Խօսքը զօրավիգ կանգնեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին իր ցաւալի պատմութեան ընթացքին եւ ներշնչեց ամբողջ Հայ մշակոյթը դարերու ընթացքին: Աստուծոյ Խօսքը շարունակաբար առաջնորդած է քրիստոնեաներու կեանքը Հայաստանի մէջ:
Այս թանկարժէք հարստութիւնը որ կը ներկայացնէ Ս. Գիրքը, ինչպէս նաեւ օրինակելի կեանքը մեր նախահայրերուն, աւելի կը խանդավառեն նոր սերունդը վերադառնալու Կեանքի Խօսքին:
Թող այս մէկը Սիւնհոդոսի որոշումներու հունձքը հանդիսանայ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ