Երեքշաբթի, 11 Մայիս 2010 - Տէր Բարսեղ Վրդ. Սուսանեան կ՛այցելէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական

Պէյրութ, Լիբանան

Երեքշաբթի
11 Մայիս 2010 առաւօտեան ժամը 10-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական կայքէջի տնօրէնութիւն այցելեց Աւստրալիոյ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ տէր Բարսեղ Վրդ. Սուսանեան։

Հանդիպման ընթացքին տէր Սուսանեան ընդհանուր տեղեկացուց Աւստրալիոյ Հայ Կաթողիկէներուն մասին, եւ երկու եկեղեցիներուն մասին Վարափոխումն Աստուածամօր եկեղեցին Սիտնէյի մէջ եւ Սրբոյ Սիրտ Յիսուսի եւ Մարիամու եկեղեցին Մելպուրնի մէջ։

Հայր Բարսեղ Վրդ. Սուսանեան ձեռնադրեալ՝ 23 Օգոստոս 1998ին, ստանձնած է Դամասկոսի մէջ ժողովրդպետութեան պաշտօնը եւ տնօրէն եղած է Լոյս եւ Փարոս վարժարաններուն 1998էն 2002։

2002ին ան ստանձնած է Աւստրալիոյ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ  առաջնորդութիւնը, ուր կը գործէ մինչեւ օրս։



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ