Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2012 - Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին առիթով հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ եւ մատաղի օրհնութիւն


Զալքա

Կիրակի 30 Սեպտեմբեր 2012-ին, «Վարագայ Սուրբ Խաչ»ի տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, Զալքայի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ»  եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ եւ մատաղի օրհնութիւն, նախագահութեամբ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոցին:

Սուրբ Պատարագին, Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը։

«Արհի. Գերապայծառ Տիարք
Գերյ. եւ Գեր. Վարդապետներ
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այսօրուան Սուրբ Աւետարանը մեզի կը նկարա•րէ վերջին դատաստանին օրը, որմէ ետք զղջման համար ժամանակ չի մնար։ Աշխարհին վերջը պատկերն է մեր կեանքի վախճանին։ Եր՞բ պիտի ըլլայ մեր կեանքին վերջին օրը, ոչ ոք գիտէ։ Ասոր համար, Յիսուս կ՚ըսէ. «Արթուն կեցէք, որովհետեւ չէք գիտեր ո՛չ օրը եւ ո՛չ ժամը» (Մտթ. 25, 13)։ Իմաստուն մարդը ան է որ կ՚ապրի իր օրը մտածելով որ վաղը կրնայ մեռնիլ, եւ ըստ այնմ կ՚որոշէ իր ընելիքները։ Կը մտածէ՝ ի՞նչ բան կարեւոր է որ պէտք է ընեմ, եւ ի՞նչ է երկրորդականը որ պէտք է ձգեմ։ Ի՞նչ բան շահաւոր է յաւիտենականութեանս համար եւ անոր կառչիմ, եւ ի՞նչ վնասակար է ու անկէ հեռանամ։ Օրինակի համար. որքանո՞վ այս բարեկամութիւնը կամ այս գործը յաւիտենականութեանս համար շահաւէտ կամ վնասակար կրնան ըլլալ։ Ինչ՞պէս պէտք է օգտագործեմ օրս օգտակար բան մը ընելու համար, եւ ժամանակս անհեթեթ խօսակցութիւններով կամ հեռատեսիլով չանցնեմ։
Ժամանակը գանձ մըն է որ Աստուած մեզի ձրիաբար կը շնորհէ, որպէսզի զայն լաւագոյն կերպով շահագործենք մեր եւ ուրիշներուն բարիքին համար։ Սիրելիներ, Աստուծմէ խնդրեցէ՛ք իմաստութիւնը գիտնալու համար թէ ի՞նչ բանի պէտք է տրամադրէք ձեր թանկագին ժամանակը։ Կորսուած ժամերը ետ չեն դառնար։
Եթէ Յիսուս իր Յարութեամբ մեզի բացաւ երկնքի արքայութիւնը, մեզի համար լաւա•ոյնը պիտի ըլլայ աշխատիլ հոն հասնելու համար, եւ խրախուսել մեր սիրելիները որ անոնք ալ նոյնը ընեն, խօսքով բայց մանաւանդ՝ մեր ապրելակերպով եւ բարի գործերով։ Դժբախտաբար, շատ երիտասարդներ եւ նաեւ չափահասներ, չգիտնալով ինչպէս օգտագործել իրենց ժամանակը, խաղերով կամ անպարկեշտ գործերով զայն կը վատնեն։ Ո՞վ զիրենք պիտի առաջնորդէ արդեօք դէպի ուղիղ ճամբայ։ Թերեւս Աստուած քե՛զ ընտրած է յաս նուիրական գործը կատարելու համար։ Իմաստուն մարդ մը ըսաւ. «Ամէն անգամ որ մարդոց մէջ կը գտնուիմ, նուազ մարդ կը դառնամ», ըսելու համար թէ մարդիկ գէշ կամ պարապ խօսակցութիւններով կը կորսնցնեն իրենց թանկագին ժամանակը։
Ընթերցուածը մեզի կը պարզէ Պօղոս առաքեալին կեցուածքը Խաչին դիմաց։ Շատերուն համար, Խաչը կը նշանակէ ցաւ, հիւանդութիւն, կեանքի յուսախաբութիւն եւ ամէն տեսակ ժխտական բաներ, որ մեզ անհանգիստ կը ձգեն։ Յիսուս շալկեց իր ուսերուն վրայ ծանր Խաչը, որ կը պատկերացնէ մեր եւ բոլոր դարերու մարդոց յանցանքները, եւ մեր տեղը քաւեց մեր մեղքերը՝ խաչափայտին վրայ մեռնելով։
Եթէ հոս վերջանար Յիսուսին կեանքը, ի՜նչ դժբախտութիւն պիտի ըլլար։ Սուրբ Պօղոս կ՚ըսէ. «Եթէ Յիսուս յարութիւն չառաւ, ուրեմն ի զուր է ձեր հաւատքը, ... եւ մենք բոլոր մարդոց մէջ ամէնէն ողորմելիներն ենք։ Բայց ո՛չ, կը շարունակէ Ս. Պօպիսը, Քրիստոս յարութիւն առաւ եւ ան առաջին պտուղն է ննջեցեալներուն» (Ա. Կորն. 15, 17-20)։
Ճիշդ այս յարութեան մասին է որ կ՚ակնարկէ Սուրբ Պօղոսը, երբ Յիսուս, մեռնելէն 3 օր ետք, յարութիւն առաւ եւ երեւցաւ առաքեալներուն ու բազմաթիւ աշակերտներուն, եւ անոնց յոյս եւ քաջութիւն ներշնչեց, որովհետեւ անոնք կարծեցին թէ Յիսուս, որ տեսած էին մեռած խաչի վրայ, գէշ վախճան մ՚ունեցաւ կարծէք լոկ երազ մըն էր եւ խարխաբած ու յուսահատած էին։
Ասոր համար, Պօղոս առաքեալը յանդգնեցաւ ըսելու. «Ես չեմ պարծենար եթէ ոչ միա՛յն խաչով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, որով աշխարհը ինծի համար խաչուած մըն է եւ ես խաչուած մըն եմ աշխարհի համար» (Գաղ. 6, 14)։ Այսինքն՝ Սուրբ Պօղոսին համար, աշխարհը, իր բոլոր հրապոյրներովը, անարժէք կը մնայ Յիսուսի յարութեան դիմաց՝ ո՛չ դրամը, ո՛չ պատիւները եւ ո՛չ բարեկամութիւնները այլեւս արժէք չունին իրեն համար, որովհետեւ անոնք իրեն անօ•ուտ պիտի ըլլան իր մահուան օրը։ Այլ՝ Յիսուսն է որ իրեն օգնութեան պիտի հասնի իր փառաւորուած Սուրբ Խաչովը եւ զինք երկինք պիտի տանի, յաւիտեանս երջանիկ ըլլալու համար բոլոր սուրբերուն եւ նահատակներուն հետ։
Սուրբ Պօղոս կը փակէ խօսքը ըսելով. «Թող ո՛չ ոք զիս խանգարէ, ես Յիսուսի չարչարանքները կը կրեմ մարմինիս մէջ» (Գաղ. 6, 17)։ Սուրբ Պօղոսին կրած չարչարանքները իր առաքելութիւններուն ընթացքին վէրքի հետքեր ձգած էին իր մարմնին վրայ։ Ասոնք, Սուրբ Պօղոսին համար, աւելի արժէքաւոր են քան որեւէ շահ, պատիւ կամ յաղթանակ։
Սիրելիներ, Սատանան է որ մեզ կը խաբէ, ինչպէս խաբեց Ադամ եւ Եւա։ Ան մեզի կը հասկցնէ որ ցաւերը եւ նեղութիւնները նշաններ են որ Աստուած մեզ չի սիրեր։ Ինծի ըսէ՛ք, արդեօք Հայր Աստուածը Իր Միածին Որդին՝ Յիսուս չսիրե՞ց։ Ապահովաբա՛ր սիրեց, եւ սակայն ձգեց որ Յիսուս չարչարուի եւ խաչին վրայ մեռնի։ Ինչո՞ւ համար։ Շատ կարեւոր նպատակի մը համար։ Նախ՝ մեզի փաստելու համար Սատանային ստախօսութիւնը որ Աստուած իբր թէ մեզ չի սիրեր։ Բայց Աստուած փաստեց որ մեզ կը սիրէ քանի իր Որդին զոհեց մեզ փրկելու համար։ Բայց նաեւ՝ Աստուած մեզի ցցուց թէ որքան մեղքը վնասակար է եւ մահուան կը տանի։ Յիսուսի յարութենէն ետք, մեզի համար ցաւը եւ մահը նոր իմաստ ունեցան։ Անոնք, յաւիտենական կեանքի կը տանին հաւատք ունեցողը։
Աստուած ստեղծեց աշխարհը առանց մահուան գաղափարին։ Մեղքն է որ մահը մտցուց աշխարհին մէջ, երբ Ադամը՝ փոխանակ Աստուծոյ հաւատալու եւ անոր հնազանդելու, սատանային հաւատաց եւ անոր հետեւեցաւ։ Իբր արդիւնք, Ադամ եւ Եւա սատանայէն խաբուեցան եւ անոր թակարդին մէջ ինկան ու դրախտէն վռնտուեցան։ Մենք ալ, ամէն օր կը խաբուինք սատանայէն եւ անոր թակարդին մէջ կ՚իյնանք, երբ չենք աղօթեր եւ Սուրբ Աւետարանը չենք կարդար, որովհետեւ սատանան շատ խորամանկ է եւ մեզմէ աւելի խելացի է եւ անոր թակարդին մէջ կ՚իյնանք։
Քրիստոնեային համար Խաչը այլեւս փառաւորեալ դարձաւ, այսինքն՝ յաւիտենական փառքի կը տանի ամէն անգամ որ իրապէս կը հաւատանք, եւ ոչ միայն խօսքով, որ Քրիստոս յարութիւն առաւ։ Այն ժամանակ միայն, կրնանք խաչը համոզումով համբուրել եւ մեր բոլոր ցաւերը ընդունիլ, որովհետեւ անոնք այլեւս անարժէք ցաւեր չեն, այլ՝ մեծ արժէք ունին Աստուծոյ առջեւ, եւ անոնք օգտակար միջոցներ են մեր եւ ուրիշներուն փրկութեան համար։
Սիրելիներ, քննե՛նք մենքզմեզ եւ տեսնենք. արդեօք մեր խաչերը կ՚ընդունի՞նք, արդեօք սկսա՞ծ ենք զանոնք սիրել, թէ տակաւին ոչ։ Եթէ այո՛, կրնանք ըսել որ իսկական Յիսուսի աշակերտներ դարձած ենք, քանի Յիսուս ըսաւ. «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ հետեւի ինծի» (Մտթ. 16, 24)։ Յիսուս ըսաւ նաեւ. «Ով որ չ՚առներ իր խաչը եւ չի հետեւիր ինծի, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ» (Ղկ. 14, 27)։
Յոյժ սիրելիներ, այս հաւատքով դուք կրնաք ժպտուն երես մ՚ունենալ ձեր ցաւերուն մէջ։ Նոյնպէս, կրնաք յոյս ներշնչել տառապեալներուն եւ հիւանդներուն, եւ մեծ բարիք կատարել բոլոր անոնց որոնք կը սպասեն որ մէ՛կը անոնց բացատրէ իրենց ցաւերուն իմաստը եւ արժէքը, որպէսզի երջանիկ ըլլան իրենց ցաւերով հանդերձ։
Ի՜նչ մեծ առաքելութիւն կը սպասէ ձեզի, որ կարենաք երջանիկ դարձնել տառապեալները եւ յուսալքուածները։ Այս ծառայութիւնը ձեռնտու է ամէն հաւատք ունեցողին։ Զայն կը մաղթեմ ձեզի, բոլորիդ. ամէն»։

Պատարագի աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը օրհնեց եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղուած նոր խաչքարը, նուիրուած Զէյթունցեան ընտանիքին կողմէ, անմահացնելու համար հանգուցեալ Ժորժ Զէյթունցեանի յիշատակը:

Ապա հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ Սկաուտախումբին  եւ ՀԿՄ Պատանիներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ դէպի «Պետողլեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ մատաղի բաշխում:

Տօնակատարութեան աւարտին, «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ Սկաուտախումբը ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ տօնեցին սկաուտախումբին հիմնադրութեան 28 ամեակը եւ բեկանեցին կարկանդակը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ