Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մտիկ Ընողը Խաղաղ Է, Երջանիկ Է, Յաղթական Է…


Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր Վարդավառ է, այսինքն` տօն Պայծառակերպութեան կամ Այլակերպութեան մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի: Տաղաւար է, այսինքն` մին մեր Ս. եկեղեցիին հինգ աւագ կամ մեծագոյն տօներէն, որոնց միշտ կը յաջորդէ «օր մեռելոց»:
Պայծառակերպութիւնը դիպեցաւ «բարձր լերան մը վրայ», երբ Յիսուս Պետրոս, Յակովբոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն «առջեւ այլակերպեցաւ. դէմքը լուսաւորուեցաւ արեւի պէս, զգեստները սպիտակացան լոյսի նման» (Մտթ. 17, 2):
Դէպքը պատմական ու բնական է: Անոր ականատես եւ ականջալուր վկաներն են առաքեալները, որոնք Մատթէոս (17, 1-9), Մարկոս (9, 2-8), Ղուկաս (9, 28-36) աւետարանիչներուն եւ Պետրոս (2 Պետ. 1, 17-18) առաքելապետին գրիչով աւանդեցին զայն իրենց յաջորդներուն, քրիստոնեաներուն եւ մարդերուն:
Դէպքը պատմական ու գերբնական է: Անոր պատգամաբերներն են «Մովսէս եւ Եղիա, որոնք Յիսուսի հետ կը խօսակցէին» (Մտթ. 17, 3) եւ «փառքով յայտնուած էին» (Ղկ. 9, 30):
Դէպքը պատմական ու սուրբգրային է: Անոր հաւատացողներն են քրիստոնէական եկեղեցիները, որոնց մէջ մեր եկեղեցին, արդէն Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին կարգադրութեամբ, մեծահանդէս արարողութեամբ եւ աւանդութիւններով կը տօնախմբէր Պայծառակերպութիւնը:
Պատմական, բնական, գերբնական ու սուրբգրային որակումով օժտուած այս դէպքէն կարելի է քաղել դասեր, որոնք թելադրողական ուժականութիւնն ունին մեր առօրեայ կեանքին համար: Նախ, սակայն, թոյլ պիտի տաս ինծի` քեզի շատ համառօտիւ պատմելու այս դէքպէն առաջ պատահած երեք եղելութիւնները:
Առաջինն է: Հրաշագործ շրջագայութեամբ եւ քարոզութեամբ Յիսուս սորվեցուցած էր իր նոր աւետարանն ու վարդապետութիւնը երեք տարիներու ընթացքին: Անշուշտ երկրացիներէն եւ շրջապատէն շատ բան լսած էր իր անձին մասին` դրակա՛ն ու ժխտակա՛ն, բայց նաեւ` հակասակա՛ն:
Թէեւ պէտք չունէր լսելու, քանի Յիսուս գիտէր իւրաքանչիւր մարդուն խորհածն ու խորհելիքը, ըսածն ու ըսելիքը, բայց եւ այնպէս օր մը ուզեց փորձել իր աշակերտները` զանոնք աւելի հաստատելու ճշմարտութեան մէջ:
Առաջին հարցումին, թէ ի՞նչ կամ զո՞վ կը կարծեն մարդեր, թէ ըլլայ Մարդու Որդին` Յիսուս Քրիստոս, ստացած առաջին պատասխանին ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ Վարդապետը, որ երկրորդ հարցումն ուղղեց իր աշակերտներուն. «Իսկ դուք զո՞վ կը կարծէք, թէ ես ըլլամ»:
Շեշտուած եւ ուղղակի հարցումը կը պահանջէ շեշտուած եւ ուղղակի պատասխանը. «Դուն ես Քրիստոսը` կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մտթ. 16,16): Ա՛յս յստակ դաւանումին կը սպասէր Յիսուս իր աշակերտներէն: Ա՛յս բացայայտ վկայութեան կը սպասէ մեզմէ…
Երկրորդն է: Զարմանալի էր Յիսուս: Երեք տարի տքնելով ջանաց տարածել իր աւետարանը եւ հաւաքել իր հետեւորդները: Հիմա, վերջաւորութեան, «սկսաւ յայտնել աշակերտներուն» եւ խօսիլ իր չարչարանքներուն ու խաչամահին մասին:
Թէպէտ իմացուց, որ «երրորդ օրը յարութիւն» պիտի առնէր, սակայն եւ այնպէս աշակերտներուն ընդհանրապէս, ու Պետրոսին` յատկապէս, շատ խորթ եւ անկարելի թուեցան չարչարանքը, մահն ու յարութիւնը:
Յիսուս Վարդապետն է, որ կը դաստիարակէ ու կը սրբագրէ թէ՛ Պետրոսը եւ թէ՛ մեզմէ իւրաքանչիւրը. «Քու ըմբռնումներդ աստուածային չեն, այլ` մարդկային» (Մտթ. 16, 23):
Երրորդն է: Իսկապէս զարմանալի էր Յիսուս: Կարծես սիրաշահելու արուեստին չէր տիրացած, կամ լուր չունէր մարդաճանաչ հոգեխօսութենէն: Հազիւ կրցած էր ունենալ շատ փոքր խմբակ մը հետեւորդներու, եւ սակայն երէկ ոչ միայն անոնց, այլ նաեւ այսօր մեր երեսին կը բացագանչէ.«Եթէ մէկը ուզէ հետեւիլ Ինծի, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ հետեւի Ինծի» (Մտթ. 16, 24):
Անմարսելի պայմանը շատ յստակ եւ անյետսկոչելի էր եւ միշտ է: Իր կեանքն իր անձին
համար փրկել ուզողը պիտի կորսնցնէ զայն, «իսկ որ իր անձը կորսնցնէ Ինծի՛ համար, զայն պիտի գտնէ», եւ այն` «հրեշտակներու հետ» ու «Հօր փառքով» (Մտթ. 16, 25,27):
Արդ, դառնանք Պայծառակերպութեան եւ անկէ իւրացնենք աւետարանական եզրակացութիւններ ու ճշմարտութիւններ, որոնց մեր ընկալումն ու գործադրումը կը նպաստեն մարդկային ըմբռնումին հակասական, բայց աստուածային տեսութենէն ելած վերոյիշեալ պայմանին մեր հասողութեան եւ ապրումին լոկ:
Մեր ներքին կեանքին արտացոլումն է մեր արտաքին կեանքը: Ներքուստ երբ պայծառացած ենք, արտաքուստ կ՛այլակերպինք եւ կ՛այլակերպենք լուսաւորութեամբ:
Յիսուս «լերան մը գագաթը բարձրացաւ աղօթելու: Մինչ կ՛աղօթէր, անոր դէմքը այլակերպեցաւ, հագուստները շողափայլ սպիտակութիւն մը առին» (Ղկ. 9, 28-29):
Մեր աղօթքը կը բարեփոխէ մեզ, կը սրբագրէ մեր սխալը, կը կտրէ մեր լեզուն: Նաեւ կ՛ազդէ մեր արտաքինին ու նիւթականին վրայ…
Մեր աղօթքն ու Քրիստոսի մեր յարումը մեզ կ՛արժանացնեն երկնայիններուն հաղորդակցութեան, ինչպէս ալ` աստուածային ձայնին ունկնդրութեան:
Մեր կեանքին մէջ ստէպ կը զգետնուինք «սաստիկ վախցած». հաւատա՛նք, թէ ունինք ՄԷԿԸ, որ սիրայօժար է ու հզօր` օգնելու մեզի.«Ոտքի ելէ՛ք եւ մի՛ վախնաք» (Մտթ. 17, 7):
Այդ ՄԷԿԸ միայն կրնայ ըլլալ Յիսուս Քրիստոս, որուն մասին երկու նոյն վկայութիւններ ունինք մեր երկնաւոր Հօրմէն: Առաջինն է, երբ Քրիստոս մկրտուեցաւ Յորդանանի մէջ, ուրեմն` իր առաքելութեան սկզբնաւորութեան: Երկրորդն է, երբ Յիսուս պայծառակերպեցաւ Թաբոր լերան վրայ, ուստի` իր կեանքին վերջաւորութեան.«Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, զոր ես հաճեցայ ընտրել. Անոր մտիկ ըրէ՛ք» (Մտթ. 3, 17 եւ 17, 5):
Հրահանգն ուղղուած է առաքեալներուն, աշակերտներուն, քրիստոնեաներուն, մարդերուն, ուստի նաեւ` ինծի, քեզի եւ բոլորին. «Ասիկա է իմ Որդիս, իմ Ընտրեալս. Անոր մտիկ ըրէ՛ք» (Ղկ. 9, 35):  Մտիկ ընողը խաղաղ է, երջանիկ է, յաղթական է:

Այնճար, 7 յուլիս 2013
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ